Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ քաղաքական համախմբող կառավարութիւն մը կազմել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի իրաւունքն է որոշել քրիստոնեաներուն պատկանող ուժային նախարարութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պաշտպան փաստաբաններու գրասենեակի նախագահ, դատախազ Ֆրանսուա Ռուն: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ չէզոք կառավարութիւն մը կազմեն, ապա անիկա հասկնալի պէտք է ըլլայ բոլորին կողմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պէտք է անկեղծօրէն ընդունի, որ ինք կը հրաժարի հերթագայութեան սկզբունքին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանը քաղաքական շրջափակումի ենթարկուած է:

ՔՈՒէՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող միակ արգելքն է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ մինչեւ օրս Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին կառավարական լուրջ կազմ մը չէ ներկայացուած: Ան աւելցուց, որ զօր. Աունի դէմ կատարուած այն ամբաստանութիւնները, թէ ան կ՛արգելակէ կառավարութիւնը կազմելու ճիգերը, անճիշդ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախարարութիւնները բաժնելու գործողութիւնը հիմքն է կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ ձախողած է կառավարութեան կազմութեան առումով. ան աւելցուց, որ Սալամ կրաւորական անձնաւորութիւն մըն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են համախմբող կառավարութեան մաս կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել դէպի նախագահական ընտրութիւններ անցնելու կարեւոր հանգրուանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը քաղաքական եւ տեղեկատուական բանավէճէն հեռու պահելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ չէզոք կառավարութեան անցումը հարց է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ միջազգային եւ շրջանային հովանաւորութիւն ունին` յայտարարելու կառավարութեան յարմարագոյն կազմը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան քաղաքական համախմբող կառավարութեան մը, իսկ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի ոճը արդիւնքի մը չի կրնար յանգիլ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ օրըստօրէ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու առիթները կը բազմանան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ յետաձգած է կառավարութեան նոր կազմի յայտարարութիւնը` սպասելով Հըզպալլայի պաշտօնական պատասխանին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միխայել Տահեր յայտնեց, որ համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու առումով Լիբանանի ներկայացած ոսկիէ առիթը պէտք չէ փախցնել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կատարած այցելութիւնները` Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նորութիւններ չեն բերած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատճառաբանութիւնը` կառավարութիւնը հերթագայութեան սկզբունքով կազմելը մերժելու գծով, խիստ մերժելի է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական գործակցութիւնը` տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )