Արսլան – Լարիժանի Հանդիպում

Arslan-LarijaniԼիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Իրան, երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրանեան խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Արսլան հաստատեց, որ ահաբեկչական գործողութիւնները կը ծառայեն թշնամի Իսրայէլի շահերուն եւ կը նպատակադրեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը հարուածել: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Դիմադրութեան նկատմամբ իրանեան զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը, որոնք կը միտին պահպանել երկրին անկախութիւնը, միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Արսլան ողջունեց նաեւ Սուրիոյ նկատմամբ Թեհրանի օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու Իրանի պահանջը:

Արսլան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իրանի քաղաքացիական անվտանգութեան պետ սէյիտ Ալի Շամախանիի եւ արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Ալի Ապտելլահեանի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES