Զօր. Աուն Ընդունեց Եաագուպը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
Հանդիպումէն ետք Եաագուպ յայտնեց, որ Պքերքէի կեցուածքը կ՛ամրապնդէ հանրապետութեան նախագահութիւնը: «Կատարուած իրողութեան կառավարութեան մերժումն ու քրիստոնեայ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կառչածութիւնը նախագահական անիշխանութեան հասնելու առիթ չի տար», ըսաւ ան:
Եաագուպ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յարգել սահմանադրական ժամկէտները, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել շրջանը հարուածող փոթորիկներէն եւ հաւատադրժողական հոսանքներէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

