Միքաթի Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Ապու Ֆաուր եւ Միքաթի

Ապու Ֆաուր եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանային քաղաքականութեան պետ Մայքըլ Քոլըր` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES