«Բնակարանային Համալիրները Ռմբակոծելու Իսրայէլեան Սպառնալիքները Ապահովութեան Խորհուրդի Թիւ 1701 Բանաձեւի Յստակ Խախտում Կը Նկատուին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն

Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ բնակարանային համալիրներ ռմբակոծելու իսրայէլեան սպառնալիքները Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի յստակ խախտում կը նկատուին` քաղաքական եւ միջազգային առումով, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւններ կը նկատուին:

Նախագահ Սլէյման միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ին ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները, որոնք լիբանանցի քաղաքացիներուն անապահով ըլլալու զգացումը կը պարտադրեն:

Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժի հրամանատար զօր. Աամիր Էյշիլ նախանցեալ օր սպառնացած էր Հըզպալլայի խարիսխները ռմբակոծել, նոյնիսկ եթէ անոնք քաղաքայիններով լեցուն ըլլան:

Ան նշած էր, որ Պէյրութը, Պեքաան եւ հարաւային Լիբանանը մաս կը կազմեն այն շրջաններուն, ուր գոյութիւն ունին Հըզպալլայի խարիսխները:

Էյշիլ հաստատած էր, որ իսրայէլեան օդուժը ներկայիս 15 անգամով բարելաւած է Հըզպալլայի խարիսխները թիրախ դարձնելու իր կարողութիւնները, քան ինչ որ էր 2006-ին:

«Ասիկա կարեւոր է պատերազմին տեւողութիւնը կարճցնելու համար, որովհետեւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմը որքան երկար տեւէ, այդքան հրթիռներ պիտի հարուածեն Իսրայէլը», ըսաւ Էյշիլ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց շեշտեց, որ Հըզպալլա ունի զէնքի պահեստանոց մը, որ իր չափով կը գերազանցէ կարգ մը երկիրներուն ունեցած զինամթերքի պահեստանոցները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կարիքները` գործադրելու համար բանակը ֆրանսական զէնքերով ու զինամթերքով օժտելու սէուտական օժանդակութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Սելիմ Սայեղ:

Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման, որ նախագահին յանձնեց խորհուրդին միամեայ աշխատանքներուն տեղեկագիրը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )