Լոս Անճելըս Կալաքսի – Շիրակ Մրցում` Յառաջիկայ 8 Փետրուարին. 10 Հազար Տոմս` Արդէն Իսկ Սպառած

shirakԻնչպէս ծանօթ է, 8 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս Կալաքսի – Շիրակ ֆութպոլի բարեկամական մրցումը:

Իր լուրը քաղելով Շիրակի մամլոյ քարտուղար Աննա Թադէոսեանէն, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ այս մրցումին տոմսերը կը սպառին ակնկալուածէն շատ արագ:

27 հազար հանդիսատես հիւրընկալող «Սթապ Հապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է Քալիֆորնիոյ հայկական շրջանին մէջ:

Հայկական կողմին համար յատուկ թրիպիւն յատկացուած չէ: Մրցումին ներկայ գտնուիլ ուզողները իրենց փափաքած տեղէն տոմսեր կրնան գնել: Երէկուան դրութեամբ արդէն իսկ սպառած են 10 հազար տոմսեր, որոնցմէ 4 հազարը գնած են հայ մարզասէրները:

Կը նախատեսուի, որ ֆութպոլի բարեկամական այս մրցումը ուղղակիօրէն պատկերասփռուի «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանէն:

ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ 2 փետրուարին Շիրակ Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնի` Երեւան – Մոսկուա – Լոս Անճելըս օդանաւով:

Share this Article
CATEGORIES