ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԱԾ Է ԷՐՏՈՂԱՆԻ

Պենիամին Նեթանիահու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Անգարայի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Թել Աւիւի փափաքը ցոյց տուող քայլով մը, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:

Նեթանիահու նամակին մէջ նշած է, որ «կառավարութիւնս ուրախ պիտի ըլլայ թրքական նոր կառավարութեան հետ մեր երկիրներուն միջեւ արտակարգ բոլոր հարցերու լուծումը գտնելու եւ մեր համագործակցութիւնը վերականգնելու եւ բազմաթիւ սերունդներու ընթացքին մեր ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնորոշած բարեկամութեան ոգին վերանորոգելու ուղղութեամբ աշխատելու»:

Ըստ օրաթերթին, Նեթանիահուի նամակը աւելի քան կարճ պատգամ մըն է եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնը դարմանելու իսրայէլեան կառավարութեան կամքը կ՛արտայայտէ: Սակայն Թուրք դիւանագէտ մը օրաթերթին յայտնած է, որ «մենք (Նեթանիահուէն) Քնեսեթի քայլէն ետք այսպիսի քայլ մը կը սպասէինք»: Ըստ անոր, այժմ նամակը կը քննուի, որուն արդիւնքին լոյսին տակ պատասխան մը ուղարկելու վերաբերեալ որոշում մը պիտի տրուի:

Նշենք, որ Քնեսեթը իր կարգին այս ամիս Էրտողանին շնորհաւորական նամակ մը յղած էր` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քինախնդրութիւնը շրջանցուի:

մէջ կրկնուիլը կանխարգիլել:

Share this Article
CATEGORIES