ՕՊԱՄԱ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՒԱՐՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՃՇԴԵՑ

Նախագահ Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մինչեւ 2012-ի ամառը Աֆղանիստանէն պիտի հեռացնէ 33 հազար ամերիկացի զինուոր: Ան 2010-ին նոյն թիւով զինուորներ Աֆղանիստան ուղարկած էր:

Օպամա ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերուն Աֆղանիստանէն հեռացումը պիտի սկսի յառաջիկայ ամիս, իսկ մինչեւ այս տարուան վերջը հայրենիք պիտի վերադառնայ 10 հազար ամերիկացի զինուոր: Ան նաեւ շեշտեց, որ ամերիկեան ուժերը աստիճանաբար ամբողջութեամբ պիտի հեռանան Աֆղանիստանէն մինչեւ 2014` աֆղանական ուժերուն անվտանգութեան ապահովման պատասխանատուութիւնը փոխանցելուն զուգահեռ:

Ամերիկեան վարչակազմէն անանուն աղբիւրներ նախապէս հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ համոզուած են, որ Աֆղանիստանէն գոյութիւն ունեցող սպառնալիքը զգալիօրէն նուազած է, հակառակ այն իրողութեան, որ Աֆղանիստանի ներքին իրավիճակը անկայուն է:

 

Share this Article
CATEGORIES