Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ձեր շուրջը տեսնէք կարիքաւոր անձ մը, մի՛ սպասէք, որ ան ձեզմէ խնդրէ օգնութիւն: Սրտաբուխ նուիրատուութիւնը արժէք ունի միշտ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարեւոր է հետեւիլ սննդականոնի, որպէսզի ունենաք կատարեալ առողջութիւնը: Լաւ կ՛ընէք, եթէ ծխէք չափաւոր կամ բնաւ չծխէք: Կանուխ քնացէք, կարեւոր է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ապաւինեցէք ձեր ուժերուն, եւ ոչ` ուրիշներուն: Ձեր գիտելիքները բաւարար են` արտայայտելու ձեր ստեղծագործական վարկը: Շարունակեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եղանակին յարմար ապրեցէք, մանաւանդ` ուտել-խմելու եւ հագուելու իմաստով: Օրը ունի հրաւէր մը, որ շատ կարեւոր չէ: Այսօր հանգստացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շաբաթավերջը ձեզի կը խոստանայ ուրախ անցուդարձեր, մասնակցեցէք. մտածեցէք, թէ կեանքը ուրախ ապրիլը առողջութիւն կու տայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Միջամուխ մի՛ ըլլաք երկու բարեկամներու վէճին: Անոնք կրնան իրենց հարցը կարգադրել: Եթէ մէկուն կողմէն ըլլաք, միւսը կը վշտանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սխալ մը կրկնելը մեծագոյն սխալն է, զոր սրբագրելը դժուար է: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին ու ոչ ուրիշներու կարծիքին: Խոհեմ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հեռու երկրէ մը լուր մը պիտի լսէք, որ պիտի ուրախացնէ ձեզ: Հրաւէր մը կրնաք ունենալ ճամբորդելու, դրական պատասխան տուէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր տեսակէտը լաւագոյնն է: Խորհրդակցեցէք ձեր շրջապատին հետ, որոնք ունին տարբեր կարծիքներ` աւելի կենսական: Ականջ տուէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Զգուշ եղէք պաղարութենէ, կարեւոր է յարմարիլ օրուան եղանակի պահանջին: Ցուրտը մի՛ արհամարհէք, եթէ նոյնիսկ երիտասարդ էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր գիտելիքները փոխանցեցէք տկար զարգացման տէր անձերու: Անոնք շատ պիտի օգտուին ձեր ցուցմունքներէն: Անոնք կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի այլ բարեմասնութիւններով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սնունդին չափ քունին կարեւորութիւն տուէք: Մինչեւ ուշ գիշեր պատկերասփիւռ մի՛ դիտէք, մանաւանդ` վայրագ տեսարաններով ժաաւէններ:

