Սովորութիւններ. Ողիմպիական Խաղեր Զատիկի Կղզիին Վրայ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն տարի, փետրուարին, Զատիկ կղզիի բնակիչները երկու խումբերու կը բաժնուին Թափաթի փառատօնին ընթացքին` իրարու դէմ մրցելու համար: Մրցումին նպատակը` կղզիին ամէնէն գեղեցիկ աղջիկը ընտրել:


Տասը օրերու ընթացքին յաջորդաբար տեղի կ՛ունենան ֆիզիքական եւ հնարագիտութեան մրցումներ` ձիարշաւ, նիզակ նետել, քարեր գլորել, կիզիչ արեւին տակ պանաններ շալկած վազք, բանաստեղծութիւն արտասանել եւ նոյնիսկ ճաշ եփելու մրցում:
Մրցումներու ամէնէն վտանգաւորը Հաքա Փէյն է. պանանի ծառերու կոճղերու վրայ կեցած զանոնք գլորելով մարած հրաբուխէն դէպի վար իջնել` ժամական 80 քմ արագութեամբ: Երբ այս «վազքը» սկսի, անկարելի է զայն կեցնել:
Ամբողջ բնակչութիւնը փառատօնին կը մասնակցի: Անաքէնայի ծովափին վրայ, այր մարդիկ իրարու դէմ կը մրցին շատ ծանր քարեր բարձրացնելով, մինչ կիները իրենց առջեւէն մեծ քարեր կը գլորեն: Իւրաքանչիւր կէտ իր կարեւորութիւնը ունի: Ճիշդ է, որ մթնոլորտը շատ ուրախ է, սակայն մրցակցութիւնը շատ սուր է:
Փառատօնը առիթ մըն է նաեւ նոր սերունդներուն համար` յաւերժացնելու իրենց նախահայրերուն սովորութիւնները, ինչպէս Թաքոնան, որ մարմինը ներկելով զարդարելու սովորութիւնն է:
Աւանդական բոլոր տարազները ձեռքով կը շինուին եւ կը զարդարուին փետուրներով, կոճղի կեղեւներով եւ խեցիներով:

Աւելի քան 65,000 տոլար կը ծախսուի այս փառատօնը կազմակերպելու համար, ճաշերուն, փորձերուն եւ 2000 անդամներէ կազմուած երկու խումբերուն անհրաժեշտ նիւթերուն եւ առարկաներուն համար:
Փետրուար 2013-ի փառատօնին ընտրեալը Մէսիլիան էր, որուն մայրը Րափանուի է, այսինքն կղզիի բնիկ ժողովուրդէն, իսկ հայրը` ֆրանսացի: Ան խառն ծագում ունեցող առաջին անձն է, որ Թափաթիր խաղերուն կը մասնակցի:
* * *
Զատիկի Կղզին
Ան կը գտնուի ամերիկեան ցամաքամասէն դէպի արեւմուտք` 3500 քմ հեռու: Ան ծանօթ է յատկապէս իր հսկայական արձաններով, մօայները:
Կղզին նոյն ատեն խորհրդանիշն է ամբողջ ժողովուրդի մը` Րափանուիներու (որ փոլինէզեան լեզուով կը նշանակէ «Զատիկի կղզի»), ինչպէս նաեւ անոնց մշակոյթին, որ կորսուելու վտանգին ենթակայ է` եւրոպացիներուն ժամանումին պատճառով (հիւանդութիւններ, ստրկութիւն): 1877 թուականին կղզիին վրայ մնացած էին միայն 111 անձեր: Մինչ այսօր անոնց թիւը կը հասնի աւելի քան 5000-ի:
Ադամանդ Մը Կրնա՞յ
Վարդագոյն Ըլլալ
Հազուագիւտ եւ սքանչելի «Վարդագոյն աստղը» աշխարհի ամէնէն մեծ վարդագոյն ադամանդն է: Ան ծախուեցաւ աւելի քան 79 միլիոն տոլարի: Սակայն ադամանդները ինչպէ՞ս կրնան տարբեր գոյներով ըլլալով:
Կ՛ըսեն, թէ դասական ադամանդները ճերմակ են: Աւելի ճիշդը անգոյն են, այսինքն գոյն չունին. անոնք թափանցիկ են: Այս թափանցիկութեան ջինջութիւնը եւ փայլքն են, որ կ՛որոշեն անոր գինը: Սակայն ադամանդները կրնան ըլլալ նաեւ դեղին, վարդագոյն, մոխրագոյն, սրճագոյն, կապոյտ, մանիշակագոյն… Անոնց գոյնը կը յայտնուի կազմուելու ընթացքին: Պզտիկ աղտոտ մասնիկներ կրնան փակչիլ ադամանդին վրայ: Այս մասնիկը կրնայ ըլլալ կազ մը, որ բանտարկուած կը մնայ յարգի քարին կազմուածքին մէջ: Օրինակի համար ազօթի ներկայութիւնը կարմիր, վարդագոյն կամ սրճագոյն երանգ մը պիտի տայ քարին: Ջրածինի ներկայութիւնը կրնայ մանիշակագոյն ադամանդ մը յառաջացնել:
Մինչ կարգ մը գոյներ կը յառաջանան ո՛չ աղտոտ մասնիկի մը պատճառով, այլ ադամանդի կառուցուածքին մէջ սխալ կազմուածքէ մը:
Ադամանդները կրնան ըլլալ տարբեր գոյներով: Սակայն կարգ մը գունաւոր ադամանդներ յատկապէս հազուագիւտ են, ինչպէս կանաչը: Հետեւաբար նման հազուագիւտ քարեր կրնան արժել անհաւատալիօրէն սուղ, ինչպէս «վարդագոյն աստղը»:
Մուկեր Կենսոլորտի Օգնութեան
Շատ տարօրինակ քոմմանտօ մը երկինքէն ինկաւ ամերիկեան Կուամ կղզիին վրայ (Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ֆիլիփփինի դիմաց): 2000 մուկեր անկարգելով նետուեցան: Անոնց պաշտօնը` օձերը մեռցնել:
Կուամ կղզին կապուած է Միացեալ Նահանգներուն: Ան ունի մօտաւորապէս 160,000 բնակիչ: Սակայն հոն շատ մեծ թիւով օձեր գոյութիւն ունին: Այս օձերուն մէջ է յատուկ տեսակ մը, Պոյկա հրրէկուլարիս, որ շատ մեծ վնասներ կը հասցնէ կղզիին: Ան պատճառ դարձած է միայն Հուամի մէջ գտնուող 12-14 թռչունի տեսակներու անհետացումին:
Այս օձերը կղզի ժամանած են գտնուելով փոխադրատար նաւու մը շտեմարանին մէջ, 1950-ական թուականներուն: Անոնք միլիոնաւոր տոլարներու վնասներ հասցուցած են կենսոլորտին եւ տնտեսութեան:
Անոնք յաճախ ելեկտրականութեան խանգարումներ կը յառաջացնեն, երբ կը մտնեն կղզիին ելեկտրականութեան հաստատութիւններուն մէջ:
* * *
Հետեւաբար, անոնցմէ ձերբազատելու համար, ամերիկեան բանակը 8 միլիոն տոլար արժող ծրագիր մը յղացած է: Ուղղաթիռներ կղզիին վրայ կը նետեն խաւաքարտէ անկարգելի մը կապուած հազարաւոր մուկեր: Այս մուկերը մեռած են: Անոնց մարմնին մէջ կայ փարասէթամոլ, մասնիկ մը, զոր կը գործածուի մարդոց գլխացաւերուն համար, սակայն այս մասնիկը մահացու է օձերուն պարագային:
Երբ ջուրին կը հասնին, այս մուկերը մահացու որսեր կը դառնան օձերուն համար, որոնք զանոնք կը լափեն: Կղզիին վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 2 միլիոն օձեր: Պետութիւնը կը յուսայ անոնց թիւը զգալի կերպով նուազեցնել: Մուկերու այս թեքնիքը միակ միջոցն է զանոնք մեծաթիւ եւ դիւրին կերպով մեռցնելու, որովհետեւ կղզիին վրայ կայ ոչ մէկ անասուն, որ կրնայ զանոնք որսալ եւ ուտել:
Ի՞նչ Է Տարբերութիւնը
Ովկիանոսին Եւ Ծովուն Միջեւ
Ովկիանոսը աղի ջուրի ընդարձակ տարածք մըն է, որ կը ծածկէ երկրագունդէն բաժին մը: Գոյութիւն ունին 5 ովկիանոսներ` Ատլանտեանը, Խաղաղականը, Հնդկացը, Անթարքթիքը եւ Արքթիքը: Խաղաղական ովկիանոսը ամէնէն մեծն է. ան կը ծածկէ երկրագունդին մակերեսէն 166 միլիոն քառակուսի քմ: Ատլանտեան ովկիանոսը աւելի փոքր է. անոր տարածքը 14 միլիոն քառակուսի քմ է:
Ծովը սահմանափակ եւ նուազ ընդարձակ ջուրի տարածք մըն է: Ան կրնայ ամբողջովին գոց ըլլալ, ինչպէս` Մեռեալ ծովը: Միջերկրական ծովը բացուածք մը ունի Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ` Ժիպրալթարի նեղուցին ընդմէջէն, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի միջեւ:
Սակայն ան «ծով» կը համարուի, որովհետեւ ան գրեթէ ամբողջովին ցամաքով շրջապատուած է: Անոր տարածքը 2,5 միլիոն քառակուսի քմ է: Ծովու մը, երբեմն նոյնիսկ ծովեզերքի երկայնքը չէ ճշդուած: Խումբ մը կղզիներ կրնայ անոր սահմանները ներկայացնել: Մենք այս պարագային կը հանդիպինք Քարայիպի ծովուն մէջ` Կեդրոնական Ամերիկայի արեւելեան ծովափին դիմաց:
Դժուար է գտնել աշխարհին մէջ ծովերու ճիշդ թիւը, որովհետեւ գոյութիւն ունին նաեւ շատ փոքր ծովեր:
Անջրպետի Միջազգային
Կայանին Վերջին Լուերը
Նախորդ շաբթուան մանկապատանեկան էջին մէջ մենք ծանօթացանք Անջրպետի միջազգային կայանին: Ան հսկայական գիտական տարրալուծարան մըն է` տիեզերքին մէջ հաստատուած:
Տարրալուծարանին առաջին բաժինը տիեզերք ղրկուած էր 1998-ին: Սկզբունքով, այս կայանը պիտի բանէր մինչեւ 2020: Վերջերս, որոշուեցաւ անոր գործածութիւնը երկարաձգել չորս տարիով այսինքն` մինչեւ 2024:
Ընդամէնը 16 երկիրներ կը մասնակցին Անջրպետի միջազգային կայանին. անոնցմէ յիշենք` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ճափոնը, Քանատան եւ եւրոպական բազմաթիւ պետութիւններ: Վեց աստղանաւորդներով անձնակազմ մը միշտ հոն կը մնայ: Այս երկարաձգումով կարելի պիտի ըլլայ 4 տարի ալ օգտուիլ անջրպետին մէջ շինուած ամէնէն մեծ տարրալուծարանէն:
Նոյն ատեն ասիկա առիթ պիտի տայ աստղանաւորդներուն պատրաստելու անջրպետին մէջ աւելի երկար կեցութիւններուն, ինչպէս դէպի Հրատ մոլորակ ճամբորդութիւններ կատարելու:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել այն միակ մեղուն, որ իր զոյգը ունի վարի նկարին մէջ

Կրնա՞ս գտնել այն կատուն, որ չորս անգամ ներկայացուած է պատկերին մէջ. ուշադրութի՛ւն, նկարը կրնայ շրջուած ըլլալ:

Կրնա՞ս գտնել ամէնէն երկար կոթ ունեցող ծաղիկը:

