Անհասանելի Տիպարը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

0130arammanoukianՅունուար 29-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ներքին գործոց առաջին նախարար Արամ Մանուկեանի մահուան 95-րդ տարեդարձն էր: Հայաստանի ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ոստիկանութեան շէնքին մօտ կանգնեցուած Ա. Մանուկեանի յուշարձանին առջեւ ծաղիկներ դրին, խոնարհեցան ու գացին իրենց գործին:

Հայաստանեան լրատուական կայքէջերէն «Անկախ»-ի աշխատակից Անի Գասպարեան Արամ Մանուկեանը բնութագրող բաւական հանգամանալից իր յօդուածը հետեւեալ նախաբանով կը սկսի.

«Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէ՛ք ձեր խղճի հետ եւ ասէք` արդեօք աշխատե՞լ էք հայ ժողովրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը…»:

Նիկոլ Աղբալեանի այս խօսքերը, որոնք արդիական են նաեւ այսօր, հայոց նորագոյն պատմութեան հիմնադիր, ազգային-ազատագրական շարժման առանցքային դերակատար, քաղաքական ու պետական նուիրեալ գործիչ Արամ Մանուկեանի մասին են:

Աղբալեանի խօսքերուն ուղղուած են անոնց, որոնց ձեռքերուն մէջ է երկրին ու ժողովրդին ճակատագիրը: Ցաւօք, մերօրեայ գործիչներէն շատերն նոյնիսկ չեն ալ գիտակցիր այդ խօսքերուն իմաստին, որովհետեւ ատոր գիտակցելու համար նախ եւ առաջ պէտք է բացայայտեն ու արժեւորեն Արամը: Իսկ ատոր համար ո՛չ ժամանակ կայ, ո՛չ ցանկութիւն, ո՛չ ալ պահանջարկ: Մերօրեայ գործիչներուն Արամներ պէտք չեն, որովհետեւ անոնք անհամատեղելի են այսօրուան արժեհամակարգին հետ:

Ամէն անգամ, երբ առաջին հանրապետութեան պետական գործիչները այսօրուաններուն հետ համեմատելու ըլլանք, նախկիններուն անհասանելիութիւնը, անկրկնելիութիւնը ցաւագնօրէն կը ծառանայ մեր առջեւ: Անշուշտ, Ա. հանրապետութեան օրօք ալ կային անարժան պաշտօնեաներ, կաշառակերներ, սեփական մորթը ազատելու եւ գրպանը լեցնելու մտասեւեռումով աշխատողներ: Բայց եւ այնպէս, երկրի ու պետութեան դիմագիծը փայլեցնողները Արամներն էին, որոնք հայոց պետութեան ամբողջական ըմբռնումի կրողներն էին, որոնք զուտ պաշտօնի հասկացողութեամբ չէ որ կը շարժէին, այլ առաքելութեան զգացողութեամբ ու գիտակցութեամբ կը վարէին իրենց գործերը:

Արցախեան ազատագրական պայքարի օրերուն, յատկապէս հայ-ազրպէյճանական ընդհարումներուն ընթացքին, պէտք է ըսել, որ հայ ոստիկաններն ու իրենց պատասխանատուները, գոնէ անոնցմէ մէկ մասը, պատիւ բերին իրենց կոչումին` զէն ի ձեռին մասնակցելով մարտերուն եւ զոհաբերելով իրենց կեանքը: Այդ ոստիկանները արժանի ժառանգորդներն էին Արամ Մանուկեանին ու իր սերնդակիցներուն: Մեր ժողովուրդը վստահաբար կ՛երազէ ու կը ցանկայ, որ այսօրուան ոստիկանները եւս փայփայեն Արամներուն ժառանգորդները ըլլալու յաւակնութիւնը: Կրնա՞ն զարմացնել մեզ: Թերահաւատները շատ են: Բայց այնքան անկարելի՞ է որդեգրել անոնց արժէքային համակարգը: Տակաւին մեր յոյսը չենք կորսնցուցած:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES