Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919), Հայաստանի Անկախութեան Եւ Ազգային Պետականութեան «Դիկտատոր» Հիմնադիր

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

aram-manougian_26-9-13Յունուար 29-ին կ՛ոգեկոչենք մահուան 95-ամեակը հայ ժողովուրդի ամէնէն պայծառ դէմքերէն Արամ Մանուկեանի, որուն անունին իրաւամբ կապուած են ներկայ Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց պետականութեան վերականգնումը:

1919-ի յունուար 29-ի այս օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած, իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց Արամ: Ինչպէս որ իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, բծաւոր տիֆը այդ օրերուն իսկական աւեր կը գործէր ամբողջ շրջանին մէջ: Արամի մահէն 11 օր առաջ, Թիֆլիսի մէջ, միեւնոյն հիւանդութեամբ վարակուած, վախճանած էր հայ յեղափոխական շարժման դարբինը` նոյնինքն Արամի եւ անոր դաշնակցական սերնդակիցներուն գաղափարական Ուսուցիչը, անզուգական Ռոստոմը:

Թէ՛ տուեալ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, թէ՛ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ազգային-պետական վերականգնումի դժուարին երթը առաջնորդելու իմաստով` ծանրագոյն կորուստ ու հարուած էին անժամանակ մահերը ե՛ւ Ռոստոմի, ե՛ւ Արամի:

Արամի մահով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը շաղախող, պետականօրէն կազմաւորող եւ սեփական ուժերով ամրապնդող ղեկավար գործիչէն:

Արամ Մանուկեան իր յիսնամեայ կեանքը, պատանեկան տարիքէն իսկ, ամբողջապէս նուիրեց հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին` հայ յեղափոխականի ու գաղափարի մարտիկի դաշնակցական աւանդը հարստացնելով եւ ժառանգ ձգելով մեր սերունդներուն:

Յատկապէս տարագիր հայութիւնը, խորհրդային ուրացման եւ ինքնալքման դարաշրջանի ամբողջ տեւողութեան, հերոսատիպ իր սուրբերու կարգին դասեց եւ ներշնչման վարար աղբիւրի վերածեց Արամ Մանուկեանը:

Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը ոչ ոք խորհրդանշեց եւ մարմնաւորեց այնքան հարազատօրէն եւ վեհութեամբ, որքան ինք` ԱՐԱՄը, որ 1918-ի օրհասական օրերուն «դիկտատոր» կարգուեցաւ հայրենի հողին վրայ ողջ մնացած հայ ժողովուրդի վերջին բեկորին կողմէ` ի խնդիր մայիսեան հերոսամարտի նուաճումին եւ Հայաստանի ու հայութեան հրաշազօր յարութեան:

Թէեւ Արամի գործն ու տիպարը ամբողջ տասնամեակներ ուրացումի եւ նախատինքի թիրախ դարձան խորհրդային Հայաստանի մէջ թէ աշխարհով մէկ ցրուած «կարմիր հայաստանասէրներ»-ու կողմէ, բայց նոյնինքն հայրենաբնակ հայութեան մտքին ու սրտին մէջ եւս չմարեցաւ լուսաւոր աստղը Արամ Մանուկեանի, որ արցախեան շարժման առաջին քայլերէն իսկ վերստին հունաւորեց ազատագրական պայքարի մեր ուղին:

Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան` Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879-ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը: Աւարտած էր Շուշիի թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր: Ուսումը շարունակելու խնդիր չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու սիրտը:

1901-ին, արդէն Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ ուղարկուեցաւ Պաքու, ուր լծուեցաւ հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքին` իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով: Բայց Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի ան շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը:

Ի վերջոյ, 1903-ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս` հոնկէ Երկիր մուտք գործելու համար, բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել մարդիկ իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով յատկանշուող երիտասարդ այս գործիչին: Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ` սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը բարձրակէտի առաջնորդեց` Կարսի Սերգէյի իր հռչակով:

1904-ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ անցնի Վան եւ հոնկէ` Սասուն, բայց հասկնալիօրէն Վանը ամրօրէն փարեցաւ արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ:

Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի յեղափոխական կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց` ազգային-քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով: Սկզբնապէս «պարոն Արամ» ճանչցուեցաւ եւ եկուոր նկատուեցաւ վանեցիներուն կողմէ` դաշնակցական ըլլան անոնք թէ արմենական: Բայց ժամանակը շատ արագ վանեցիներու հարազատն ու առաջնորդը դարձուց ողջ էութեամբ Դաշնակցութեան հետ միաձուլուած այս գործիչին: Ոչ միայն ՀՅԴ Դուրան-Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ «պարոն Արամ» տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն կարգի օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը:

Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով նայեցան Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները: Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն:

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի 1915-ի արհաւիրքի օրերուն Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը:

Ազգային¬քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով, Արամ բախտորոշ գործ կատարեց Վանի մէջ: Արգասիքը եղաւ 1915-ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ: Իբրեւ այդպիսին` ան նշանակուեցաւ օսմանցիներէն իր անկախութիւնը նուաճած Վանի կառավարիչ` արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու յարգանքին:

Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը:

1917-ի իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 1919-ի իր թոքախտով հիւծումն ու մահը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան դաշտի ողջ հայութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ:

Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսիա հայեացքը յառած ցաքուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու ու կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթական հերոսամարտերուն:

Իր այդ արժանաւորութեան համար էր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն Երեւանի հայութիւնը «դիկտատոր» կարգեց Արամը եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը: Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը հայոց պետականութեան վերականգնումին:

Կենսագիրներու միահամուռ վկայութեամբ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չտանէր Արամը, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը` պետականօրէն կազմաւորելով մեր ժողովուրդին ազգային¬հասարակական ներքին շաղախը: Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ ասպարէզ բացուած էր, եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը: Այդ նկատառումով ալ Արամ ստանձնած էր Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը:

Բայց մահաբեր համաճարակը կտրեց անոր կեանքին թելը եւ անաւարտ թողուց Արամի ձեռնարկած մեծ գործը:

Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 յունուար 1918-ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային Խորհուրդին, Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց: Այդ առիթով արձանագրուած է Արամի վարքագիծն ու մտածողութիւնը պարզող հետեւեալ յուշ-պատգամը.

«Այսպիսի պայմաններում,- ասաց նա,- մեր ժողովուրդը հրաշքներ կարող է գործել: Շատ անգամ առիթներ եմ ունեցել նկատելու, որ մեր գիւղացուն պարտաճանաչութեան զգացումը հարազատ է: Գիտակցութեան նշան է այդ: Ազգային Խորհրդի մի կոչը բաւարար է, որ նա իր համար այդ ազիզ օրին թողնի տուն ու տեղ եւ շտապի զէնքի տակ, երբ ստիպողական, հարկադրական ոչինչ չկայ: Մինչդեռ ռուս կառավարութեան զօրակոչը գլուխ էր գալիս ահ ու սարսափի ազդեցութեան տակ: Այսօր Օշականից ինձ մի այսպիսի դէպք պատմեցին: Երբ Ազգային Խորհրդի կոչը հասնում է գիւղ, զինակոչի ենթակայ երիտասարդները պատրաստութիւններ են տեսնում Վաղարշապատ գալու` արձանագրուելու համար: Գիւղի ունեւորներից մէկը, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքում իր որդուն զանազան միջոցներով ազատել էր զօրակոչից, Ազգային Խորհրդի կոչը կարդալով` կանչում է որդուն եւ ասում. «Բալա՛, էլ Աստուած ինձ ղաբուլ չի անի, որ պահուես: Պատրաստուիր եւ Աստուած հետդ, բարի ճանապարհ, ո՛չ ոքից յետ չմնաս:

«Ես մի բանից եմ վախենում,- շարունակեց Արամը,- վախենում եմ` մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»:

Սեփական ժողովուրդին նկատմամբ այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով գործեց Արամ Մանուկեան` հայոց սերունդներուն կտակելով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան դատին սեփական գերագոյնը զոհաբերելու գաղափարական ուխտը, պատմութիւնը յառաջ մղող կենդանի օրինակը:

 

Share this Article
CATEGORIES