Կարպիս Եսայեան (Մահուան Տարելիցին Առիթով)
Սիրելի անձերու կարօտը կը յամենայ տարիներու վրայ եւ անոնց դէմքերը աւելի կը պայծառանան ժամանակի թաւալքին հետ:
Կարպիս Եսայեան ազգային զգացումներով տոգորուած խանդավառ հայ մըն էր: Իր անսպառ եռանդը կը գտնենք իբրեւ ատենապետ Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերութեան մէջ: Եղած է անդամ, եղած է ատենապետ` Լիբանանի դժուար օրերուն, երբ գտնուած էին վարչականներ, որոնք ձեռնթաթ եղած էին եւ փորձած էին միայն իրենց գլուխը պահել: Կարպիս Եսայեան` իբրեւ միութեան պարզ անդամ, նպատակ դրած է պատնէշի վրայ մնալ եւ համախմբել տարտղնուած վարչութիւնը: Շնորհիւ իր անձնական դիմումներուն` ան ոտքի հանած էր վարչութիւն մը, իր ատենապետութեամբ, եւ գործի լծուած:
Միութիւնը ունէր յարկաբաժիններ, որոնց եկամուտը կը յատկացուէր կարօտեալներուն եւ դպրոցականներուն, քանի մը տարիներ գործը կանգ առնելէ ետք, անիկա վերսկսաւ Կարպիս Եսայեանի օրով, աշխատանքը շարունակուեցաւ եկամուտներու յաւելումով:
Անոր համար հայրենակցական միութիւնները սփիւռքի մէջ կը հետապնդէին երկու գլխաւոր նպատակ. առաջին` վառ պահել Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, երկրորդ` նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ իր հայրենակիցներուն առաւելագոյն չափով: Հայ համայնքի մէջ կային այլ միութիւններ եւ կուսակցութիւններ` լայնածիր եւ համապարփակ ծրագիրներով, սակայն հայրենակցականները անունով եւ աշխարհագրութեամբ ամէն օր կը յիշեցնէին մեր բռնագրաւեալ հայրենիքը Այնթապ, Տարօն, Տիգրանակերտ, Մարաշ, Կեսարիա, Շապին Գարահիսար եւ այլ քաղաքներ:
Կարպիս Եսայեան քանի մը տարիներ առաջ մեկնեցաւ Քանատա, ուր հաստատուած էին իր հարազատները: Հոն ալ պահեց իր ազգային եռանդը` փոխանցելով նոյն ոգին իր շրջանակի ազգայիններուն, իր զաւակներուն եւ թոռներուն:
Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ բոլոր քեզ ճանչցողներուն համար:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ`
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ

