Ծնողք Ըլլալ Կը Նշանակէ Զաւակներուն Պահապան Հրեշտակ Ըլլալ…

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Արդեօք ծնողներ տեղեա՞կ են թմրամոլութեան երեւոյթէն, կամ` կը նախընտրեն անտեսել զայն: Ինչո՞ւ կան անձեր, որոնք կը մխրճուին յոռի երեւոյթներու մէջ, իսկ ուրիշներ` ոչ: Ինչո՞ւ կան անձեր, որոնք թմրամոլութեան ծուղակ կ՛իյնան, իսկ ուրիշներ ոչ:

Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ թմրեցուցիչ թէ այլ վնասակար նիւթեր գործածելու վտանգի ազդակները շատոնց շրջանցած են նախազգուշացման ազդակները` նկատի առած թմրեցուցիչի առատ ներկայութիւնը, մարդկութեան դիմագրաւած կեանքի պայմանները, հոգեկան ընկճուածութիւնն ու մարդու նկարագիրը, որուն վերնագիրն է ընտանիքը: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այն ազդակները, որոնք կրնան թմրեցուցիչ գործածելու վտանգին համեմատութիւնը նուազեցնել:

Թմրամոլութեան վիճակագրութեան համաձայն, թմրամոլներուն 51 առ հարիւրը անհաւասարակշռուած ընտանեկան մթնոլորտի մէջ կ՛ապրին, զրկուած են գիտակցութենէ, գուրգուրանքէ, հոգատարութենէ եւ դաստիարակութենէ:

Կան ամուսալուծուած զոյգեր, որոնց զաւակները կը տառապին ամուսնալուծման հետեւանքներէն: Իսկ ուրիշներ իրենց զաւակները անտեսած կ՛ըլլան, պէտք եղած ժամանակն ու խնամքը չեն տրամադրեր անոնց` լսելու անոնց հարցերն ու տագնապները: Կը կարծեն, թէ նիւթական կարիքները հոգալով, անոնց հանդէպ պարտականութիւնները կատարած կ՛ըլլան: Այս մէկը կրնայ պատճառ ըլլալ ծնողք-զաւակ վատառողջ յարաբերութեան:

Թմրամոլութեան գլխաւոր պատճառները կը հանդիսանան ընտանեկան հարցերը, դաստիարակութիւնը, որոնք ուղղակի առնչուած են անձի մը անհատականութեան կերտման հետ, նամանաւանդ պատանի տարիքին` 13-էն 18 տարեկան, երբ անձը կը դիմագրաւէ հոգեկան տագնապներ, որոնց պատճառները արմատներ նետած կ՛ըլլան ծնունդէն մինչեւ 10 տարեկան ապրած կեանքին ընթացքին:

Ծնողներ մեծ դեր կը խաղան զաւակի նկարագիրի կերտման մէջ: Ի՞նչ է ծնողներու պարտականութիւնը: Ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի հեռու պահեն իրենց զաւակները թմրեցուցիչներու թակարդէն` ներառեալ ծխախոտէն, կլկլակէն եւ ոգելիցներէն:

Սէր, Ընկերակցութիւն Եւ Համերաշխ Մթնոլորտ

Պատանին առաջին դաստիարակութիւնը կը ստանայ տան մէջ: Որքան զաւակը լաւ դաստիարակութեամբ զինուած ըլլայ, այնքան մաքուր եւ ազնիւ նկարագիրի տէր անձ մը կ՛ըլլայ: Անհրաժեշտ է ծնողներ բաւարար ժամանակ տրամադրեն իրենց զաւակներուն, որպէսզի մօտէն ճանչնան պատանիներուն ապրելաձեւը արդիականացած այս աշխարհին մէջ: Պատանի տարիքին` փորձառութիւններու ու փորձութիւններու այս շրջանին, պատանին շատ խորունկ ձեւով կ՛ազդուի շրջապատէն եւ ծնողքի վարուելակերպէն: Առ այդ, հարկ է, որ տան մէջ տիրէ համերաշխ մթնոլորտ, պատանին շօշափէ ծնողքին ներկայութիւնը, հոգատառութիւնն սէրը:

Երկխօսութիւն Ստեղծել

Ծնողներ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած պահապան հրեշտակներ են: Երկխօսութեամբ կ՛իմանաս զաւակիդ նախասիրութիւնները, մտածելակերպը, դժուարութիւնները, զգացական թէ հոգեկան տագնապները: Ո՞վ կրնայ ծնողքէ մը աւելի լաւ հասկնալ իր զաւակը: Ծնողներու պարտականութիւնն է հետեւիլ եւ հսկել զաւակի առօրեայ կեանքին, նեցուկ կանգնիլ ձախողութիւններու պարագային, քաջալերել, վստահութիւն եւ յոյս ներշնչել, այլ խօսքով` ճանչնալ զաւակը:

Գիտակցութիւն Զարգացնել

Պատանին ընկերակցութիւն կը փնտռէ: Յարգելով ծնողք-զաւակ դիրքերու սահմանները, լսել, շատ լսել, քաջալերել իր նախասիրութիւնները, գաղափարներ փոխանակել եւ գնահատել: Կարգ մը անձեր կը կարծեն, թէ հայրական խստութիւնը վնասակար է: Խորքին մէջ հօր բացակայութիւնը աւելի վտանգաւոր է: Խստութիւնը չափաւոր պէտք է ըլլայ, կաշկանդումներէ հեռու` սահմանափակ ազատութիւն ներշնչելով, երկխօսութեամբ հասկնալ զաւակին հարցերը:

Պատանին իր կողքին կը փնտռէ զինք հասկցող, ուղղութիւն տուող չափահաս անձ մը:  Պատանին լուսաբանութեան կը կարօտի: Հարկ է, որ բացատրութիւն եւ տեղեկութիւն ստանայ` սպառնացող վտանգներուն մասին: Ուստի հարկ է պատանիին մօտ զարգացնել ճիշդ որոշումներ տալու հմտութիւնները, ճիշդը սխալէն զանազանելու կարողութիւնները:

Ծնողներ իրենց զաւակներուն ընդմէջէն կ՛ուզեն իրականացնել երազներ: Հարկ է ճանչնալ զաւակի նախասիրութիւնները եւ ծանր պարտադրանքներ չդնել պատանիի ուսերուն վրայ, որովհետեւ այդպէս յաճախ կը յառաջացնեն հոգեկան ընկճուածութիւն պատանիին մօտ: Ծնողներ հարկ է ընդունին, թէ չկայ կատարեալ զաւակ:

Պատասխանատուութիւն Վստահիլ

Պատանին վարժեցնել պատասխանատուութիւններ ստանձնելու` իր կարողութիւններու սահմաններուն մէջ: Օրինակ` տնային արտաքին թէ ներքին փոքր աշխատանքներու վերաբերող պատասխանատուութեան յանձնել անոր: Այսպէս պատանին կը զգայ իր դիրքը եւ ներդրումը ընտանեկան յարկին տակ:

Լաւ Օրինակ Ըլլալ Եւ Նորագոյն
Տեղեկութիւններով Օժտուած Ըլլալ

Պատանին զգայուն, դիտող եւ լսող է: Անոր տիպարները կ՛ըլլան հայրն ու մայրը: Լաւ օրինակ եղի՛ր զաւակներուդ: Զգուշացի՛ր վատառողջ մոլութիւններէ, որովհետեւ երբ դուն ինքդ կը գործածես նիւթեր` ծխախոտի կամ կլկլակի նման, պատանիին պարզ եւ բնական պիտի թուի այդ` տան մէջ սովորական երեւոյթ մը սեպելով: Ուստի բացատրէ զաւակիդ յոռի երեւոյթներուն մասին: Այդ մէկը արդիւնաւէտ ձեւով կիրարկելու համար կարիք ունի ճշգրիտ տեղեկութիւններու: Պրպտէ՛ զանազան աղբիւրներէ մանրամասնութիւններ` ծխախոտի, ոգելիցի եւ թմրեցուցիչներու մասին: Զրուցէ՛ զաւակիդ հետ զանազան յոռի երեւոյթներու մասին, ինչպէս պոռնկագրութեան, միասեռականութեան եւ զանազան ընկերային հարցերու մասին: Մի՛ սպասեր փորձանքի յայտնուիլը: Այնուհետեւ ուշ կ՛ըլլայ: Առաջքը ա՛ռ: Վտանգը հեռու չէ՛:

Արդիականացած այս աշխարհին մէջ ծխախոտը, կլկլակը, ոգելիցը ամէնէն ընդհանրացած թմրեցուցիչներն են, որոնք օրինականօրէն արտօնուած են, բայց եւ այնպէս վնասակար են առողջութեան: Ուստի հարկ է բացատրել վերոյիշեալ նիւթերու սպառման վտանգներուն մասին:

Յիշէ՛, սիրելի՛ ընթերցող, ըլլաս պատանի թէ երիտասարդ, ծնողք թէ չափահաս, անպայման շրջապատիդ մէջ պիտի գտնուին յոռի երեւոյթներ, որոնք կրնան վնաս հասցնել սիրելիներուդ: Ուստի զգուշացի՛ր եւ զգուշացո՛ւր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES