Նախընտրական Կիրքեր Թուրքիոյ Մէջ. Տիգրանակերտի Մէջ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Միջեւ Ծեծկռտուք
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի մէջ ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ վիճաբանութիւնը աւարտած է ծեծկռտուքով եւ ինքնաշարժներու հրկիզումով: Արձանագրուած է 16 վիրաւոր:
Միջադէպը տեղի ունեցած է հինգշաբթի երեկոյեան ժամերուն: «Հուտա-Փար» կուսակցութեան ներկայացուցիչները բաժնած են քաղաքապետի իրենց թեկնածուն ներկայացնող թռուցիկներ:
Քրտական ընդդիմադիր Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան շէնքին մօտէն անցնելու ընթացքին երկու կուսակցական խումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ սկսած է վիճաբանութիւն մը, որ շուտով վերածուած է քարերով եւ մահակներով ծեծկռտուքի:
Ոստիկանութիւնը դժուարութեամբ կրցած է բաժնել հակամարտող կողմերը:
Միւս կողմէ, ըստ «Հապերլեր»-ի, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ մարտին նախատեսուած տեղական կառավարման ընտրութիւններուն նկատմամբ մտահոգութիւն չունի:
Լրագրողներուն այն հարցումին, թէ 17 դեկտեմբերը ինչպիսի՛ անդրադարձ կրնայ ունենալ ընտրութիւններուն վրայ, Էրտողան նշած է. «Ըսեմ, որ ամէն ինչ իր հունով կ՛ընթանայ: 49, 50, 51… հիմնականին մէջ այսքան տոկոս (քուէ) կը հաւաքենք, յատկապէս Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ»:

