Թրքական Կառավարութիւնը 800 Ոստիկաններ Պաշտօնէ Կը Հեռացնէ
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական կառավարութիւնը 800 ոստիկաններու նկատմամբ որդեգրած է միջոցառումներ, ներառեալ` պաշտօնազրկում կամ այլ պաշտօնի վրայ նշանակում:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ բարձրաստիճան սպաներ պաշտօնազրկուած են: Անգարայի մէջ աւելի քան 500 ոստիկաններ պաշտօնազրկուած են, իսկ Իզմիրի մէջ` 274:
Այնթապի մէջ առնուազն 27 ոստիկաններ իրենց պաշտօններէն հեռացուած են: Ըստ Այնթապի կառավարիչ Էրտալ Աթայի, նշեալ ոստիկանները այլ պաշտօններու վրայ նշանակուած են: Պոլսոյ մէջ երեք ոստիկանապետեր եւ 40 սպաներ համացանցային քրէական յանցանքներու բաժանմունքին մէջ իրենց պաշտօններէն հեռացուած են եւ նշանակուած այլ պաշտօններու վրայ:
Նշեալ միջոցառումները որդեգրուած են Թուրքիան ցնցած «Մեծ կաշառք»¬ի գայթակղութեան ծիրին մէջ: Այդ գայթակղութեան հետաքննութեան մասնակցած տասնեակներով դատախազներ եւ ականաւոր փաստաբաններ եւս պաշտօնազրկուեցան:

