Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Մանսուր եւ Սուրիոյ դեսպանը
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հետեւանքները:
Պատասխանելով Սուրիոյ կողմէ Աքքարի սահմանամերձ շրջաններուն ռմբակոծումին մասին հարցումին` Ալի յայտնեց, որ այդ հարցումը պէտք է ուղղուի Լիբանանի կառավարութեան` աւելցնելով, որ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ահաբեկիչներն ու զինեալները գտած են զիրենք հիւրընկալող վերաբերմունք, ինչպէս նաեւ հովանաւորութիւն եւ ֆինանսաւորում:
«Այս պատճառով այդ ահաբեկիչները ոտնձգութիւններ կը գործեն լիբանանեան եւ սուրիական գերիշխանութիւններուն դէմ, ինչպէս նաեւ կը շրջին Սայտայի, Պէյրութի, Պեքաայի եւ Թրիփոլիի մէջ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել այն, թէ ինչպէ՛ս Լիբանան թիրախ կը դառնայ ժիհատական խմբաւորումներուն կողմէ` կարգ մը քաղաքական ուժերու հովանաւորութեամբ», շեշտեց Ալի:
Ալի կոչ ուղղեց բանակին, Դիմադրութեան եւ ժողովրդային բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ իր դիմադրութեամբ կ՛երաշխաւորէ նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

