Միւնիխի Մէջ. Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Միքաթի եւ Աթիա

Միքաթի եւ Աթիա

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մասնակցեցաւ Միւնիխի ապահովութեան միջազգային խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին 20 երկիրներու նախագահներ, 50 երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներ, իսկ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահեց Միքաթին, որուն ընկերակցեցաւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասն ու Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպը:

Միւնիխի մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Մոհամետ Աթիայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան-Քաթար երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ  լիբանանեան այժմու իրադարձութիւնները եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:

Միքաթի եւ Աթիա ընդգծեցին սուրիական  տագնապին քաղաքական լուծման եւ պատերազմի կասեցման կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES