Զօր. Աուն. «Պաշտօնապէս Ոչ Ոք Մեզի Հետ Կապուած Է Կառավարութեան Կազմութեան Առումով»

Զօր. Միշել Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախքան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սկսիլը, շրջանառութեան մէջ դրուած էին քաղաքական կեցուածքներ, թէ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնները մեզի պիտի չտրուին:
«Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ անոնք քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը չէ որ կ՛ուզեն, ապա շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նախարարութիւններու հերթագայութեան խնդիրը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւն մը կազմելու առումով սկսած խորհրդակցութիւններուն սկիզբը Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորա ընդգծած է, որ քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը պէտք չէ կազմել, եւ մեզի թիրախ դարձնող կարգ մը խոչընդոտներ պատճառաբանած է:
«Մեզի համար բոլոր նախարարութիւնները կարեւոր են` սկսեալ մշակոյթի նախարարութենէն, սակայն 1926-էն ի վեր Լիբանանի մէջ քարիւղի գոյութեան մասին ակնարկներ կը կատարուին, եւ մինչեւ օրս ոչ ոք մտածած է այդ ուղղութեամբ քայլ մը առնելու մասին», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն նշեց, որ 10 ամիսէ ի վեր վարչապետ մը նշանակուած է եւ երկիրը մուտք գործած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ, «սակայն այդ առումով ոչ ոք մեզի հետ պաշտօնապէս կապուած է: Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ միայն մէկ անգամ արարողակարգային հանդիպում մը ունեցած է մեզի հետ եւ անկէ բացի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը չէ կատարած` խորհրդակցելու համար կառավարութեան նոր կազմի մը մասին», ընդգծեց ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք զոհողութիւն չէ որ կը պահանջեն, այլ կը պահանջեն, որ մնայուն կերպով անիրաւութեան եւ անտեսումի թիրախ չդառնան: «Կարելի չէ երկրին իշխել սահմանադրութիւնն ու օրէնքները ոտնակոխ դարձնելով: Թող Մուսթաքպալ հոսանքը որոնէ լիբանանեան օրէնքին մէջ գրուած յօդուած, որ հերթագայութիւնը կը պարտադրէ ինծի, եւ ես պատրաստ եմ գործադրելու այդ օրէնքը», շեշտեց ան:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք տակաւին չէ որոշած իր թեկնածութիւնը առաջադրել, «բայց եւ այնպէս անիշխանութիւն պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ կայ խորհրդարանը եւ ան կրնայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը»` աւելցնելով, որ եթէ տեսնէ, որ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի իր բոլոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը յաջողեցնելու առիթը կայ, ապա ինք պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները համոզուած են, որ բանակը Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին միակ փրկարարն է: «Իսկ Լիբանանը պաշտպանելու կարեւորագոյն զէնքը ազգային միասնականութիւնն է, որովհետեւ երբ ազգային միասնականութիւն ըլլայ, ժողովուրդը կ՛ըլլայ իր միջավայրին, ինքնութեան եւ երկրին առաջին պահակը», եզրափակեց ան:

