Զօր. Քահուաժի Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Զօր. Քահուաժի եւ Էխհորեսթ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր սէուտցի բարձրաստիճան զինուորականներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ:
Զօր. Քահուաժիի պիտի ընկերակցի զինուորական պատուիրակութիւն մը, որ պիտի քննարկէ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, զօր. Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը:
Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

