Նախարար Ֆայսալ Քարամէ Բացումը Կատարեց Լուէյզէ Վարժարանին Դաշտերուն
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին բացումը կատարեց Լուէյզէ վարժարանի (Զուք Մոսպեհ) ֆութպոլի, թենիսի եւ այլ մարզաձեւերու դաշտերուն:
Բացման այս պաշտօնական արարողութեան նախարարին կողքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, վարժարանին նախագահը, հայր Շարպել Հատտատ, այլ անձնաւորութիւններ եւ հրաւիրեալներ:
Խօսք առնելով նախարար Քարամէ ըսաւ, որ աշակերտները անխտիր պէտք է իրենց կարեւոր մէկ մասնիկը նկատեն մարզական մրցումները, ինչ տեսակի ալ ըլլան անոնք:
Ապա ան պատասխանեց կարգ մը հարցումներու, որոնք ուղղուեցան իրեն` աշակերտներուն կողմէ:
Աւարտին բոլոր ներկաները վարժարանին կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան:

