Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբը Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ` հիւրընկալելով Շապապ Արապին:

ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր` Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ պարտութեան մատնելով Շեքքան, երէկուան մրցումին եւս նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, այսպիսով ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտը:

Մրցումին սկիզբը, ՀՄԸՄ-ի հարուածներէն մէկը զսպուեցաւ Շապապ Արապիի բերդին սիւնին կողմէ, մինչ Ճոնի Քոնճեան փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել (38-րդ):

Թէեւ Բ. կիսախաղին Սագօ Ազնաւուրեան բացաւ մրցումին հաշիւը (65-րդ), սակայն հիւր կազմը տասը վայրկեան ետք հաւասարեցուց արդիւնքը:

Բայց եւ այնպէս 85-րդ վայրկեանին Մամաս Քէհէեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը` իր կազմին ապահովելով վերջնական յաղթանակը:

Թէեւ օրուան իրաւարարը կորսուած հինգ վայրկեան տուաւ, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը:

Հակառակ անոր որ մրցումը տեղի կ՛ունենար շաբթուան կիսուն, սակայն ՀՄԸՄ-ի շուրջ երկու հարիւր համակիրներ եկած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի խմբակին (Բ. խմբակ) մաս կազմող Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի եւս երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` նուազագոյն հաշիւով յաղթելով Ամալ Թրիփոլիին:

Share this Article
CATEGORIES