Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը կատարէ իր առաջին մրցումը Մանարայի մէջ` հիւրը ըլլալով Ռիատի Պէյրութի:

Այս տարեշրջանին տեղի ունենալիք բոլոր մրցումներուն նման, այս մրցումին եւս հիւր կազմը` ՀՄԸՄ, իր ճակատումը պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով միայն հիւրընկալ խումբերու համակիրներուն արտօնուած է իրենց կազմին կատարելիք մրցումին ներկայ գտնուիլ:

Սակայն հակառակ ասոր, ՀՄԸՄ-ի հնգեակը, նոյնիսկ եթէ իր հետ չունի իր համակիրները, խմբային խաղաոճ մը կիրարկելով եւ ՀՄԸՄ-ի յաղթական ոգիով դաշտ ներկայանալով, կրնայ յաղթել իր կատարելիք մրցումին, ո՛վ որ ալ ըլլայ իր մրցակիցը:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբին` այսօրուան այս մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES