Կրակնօրեայ Խօսքը. Աստուծոյ Հրաշագործութիւնը Կախում Ունի Մեզմէ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, «Երկրորդ հրաշքը Կանայի մէջ» վերտառութիւնն ունի այսօր կարդացուած Ս. Աւետարանը (Յվհ. 4,43-54):

Չորրորդ աւետարանիչ Ս. Յովհաննէսի` «սիրոյ առաքեալ»-ին պատմած դրուագին նախաբանէն կ՛իմանանք, թէ Յիսուս եկաւ Գալիլիա` ի հեճուկս վերջին գալուն իր գաւառացիներէն համարեա մերժուած ըլլալու իրողութեան, այնքան, որ, հիասթափուած անոնց վերաբերումէն, «Ինքն իսկ վկայեց, թէ մարգարէն յարգանք չի վայելեր իր հայրենիքին մէջ»:

Մարդերէն իր մերժուած ըլլալուն մէջ իսկ, Յիսուս, միշտ եւ զանազան առիթներու, կ՛ապացուցէ իր անհուն գորովն ու ներող սէրը մեզի հանդէպ:

Ատելով մեղքը, բայց խանդաղատելով մեղանչած մարդուն, որ ե՛ս եմ, դո՛ւն ես եւ ա՛ն է, Յիսուս չի փախցներ առիթն ու պահը` իր շնորհաբաշխ ողորմութիւնն արտայայտելու համար, որպէսզի մարդը ապաշխարէ եւ զղջումով դառնայ Աստուծոյ:

Հոս եւ միշտ գիտակցելու է մարդը, թէ Տիրոջ շնորհքը հո՛ն կը գործէ, ուր անհատը պատրաստ է ընդունելու յերկնուստ տրուելիք շնորհքները:

Այս երեք հաւաստիացումներուն գործօն ապացոյցը իսկոյն տուաւ Յիսուս, երբ հասաւ Կանա քաղաքը, «ուր ջուրը գինիի փոխած էր»: Այս անգամ «գալիլիացիները Զինք լաւ ընդունեցին, որովհետեւ Տօնին Երուսաղէմ գացեր եւ հոն տեսեր էին, ինչ որ Յիսուս ըրած էր», անշուշտ` հրաշքներ ու բուժումներ:

Հրաշագործին հասնելուն պէս` թագաւորին պաշտօնեաներէն մէկը խնդրեց, որ հետը իջնէ Կափառնայում եւ «իր մահամերձ որդին բուժէ»: «Տէ՛ր» Յիսուս կը հակադարձէ.«Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, երբեք չէք հաւատար»:

Այդպէս է մարդը: Այդպէս էր նոյնիսկ ընտրուած առաքեալներէն մին` Թովմաս (Յվհ. 20,26-29): Դեռ այդպէս ենք մենք այսօր` դէպքէն երկու հազար տարիներ անց…

Սակայն Քրիստոս չուզեց եւ չ՛ուզեր ըլլալ միայն սքանչելագործ, այլ նաեւ` Վարդապետ, որ, օրինակի համար, հոս կը հասկցնէ, թէ շնորհքը, հոգին ու ճշմարտութիւնը Բերողն է, Տուիչն է Ինք:

Անցեալին ու ներկայիս մէջ Յիսուս ստէպ կը մերժէ հրաշագործել` յաճախ փորձելու, աւելի ճիշդ` արթնցնելու եւ զօրացնելու համար մեր հաւատքը, որ միշտ ըլլալու է վա՛ռ ու գործօ՛ն, եթէ կ՛ուզենք ընդունիլ մեր խնդրանքները, ինչպէս «պաշտօնեան» սրտանց թախանձեց.«Տէ՜ր, իջի՛ր որդիիս մեռնելէն առաջ»:

Հոս օրինակ կը տրուի մեզի ահաւոր անձկութեան մէջ ինկած հայրը, որ «հաւատաց` Յիսուսի խօսքին եւ մեկնեցաւ»: Բաժնուեցաւ` լիովին վստահելով ստացած պատասխանին դրականութեան.«Գնա՛, որդիդ կ՛ապրի»:

Քրիստոս, որ «սկիզբէն Բանն էր, Խօսքը, եւ Բանն Աստուած էր» (Յվհ. 1,1), ինչպէս ալ Սէրն է, Լոյսն է, Կեանքն է, Ճշմարտութիւնն է, Ճանապարհն է ու Յաւերժութիւնն է, երբ կ՛արտաբերէ իր խօսքը, սրտէ՛ն ու մտքէ՛ն, այդ միշտ բուժարար եւ սփոփիչ է:

Քրիստոսի խօսքը անյետսկոչելի է, ուստի, թէ՛ Բանին պիտի հաւատանք եւ թէ՛ պիտի ընդունինք Անոր խօսքը, որ յարաճուն ներգործութեամբ միշտ մնայուն է, անա՜նց, նոյնիսկ եթէ երկինքը եւ երկիրն անցնին (Մտթ. 24,35):

Յիսուսի խօսքին նախ հաւատալով` կ՛ընդունինք շնորհքը մեր աղօթքին եւ ապա կը հրճուինք կատարումով մեր խնդրանքին: Այո՛, ալ համոզուելու ենք, որ Աստուծոյ հրաշագործութիւնը կախեալ է մեր գիտակից հաւատքէն:

Արքայական պաշտօնեան նախ հաւատաց եւ վստահեցաւ իրեն Հրամայողին, այլապէս չէր բաժնուեր…: Անոր ա՛յս հաւատքն ու վստահութիւնը վարձատրուեցան, քանի «մինչ դէպի քաղաքը կ՛իջնէր, ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ ըսին անոր. «Որդիդ ողջ է»»:

Յիսուսի խօսքին ապաւինողը երբեք յուսախաբ չ՛ըլլար. հիասթափումը օտար է անոր: Իրապէս, երբ դուն կը հաւատաս Տիրոջ խօսքին, ալ չես կրնար խուսափիլ Անոր խօսքին կատարումէն: Ա՛յս է փորձառութիւնը, ա՛յս է վկայութիւնը քառասուն քահանայագործ տարիներուս` Եւրոպա, Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք:

Յիսուսի խօսքին ապաւինողը կ՛ապրի հոգեպարար փորձառութիւնը, թէ Տէրը միշտ ոչ միայն հնազանդ է իր խօսքին ու հաւատարիմ է իր խոստումին, այլ նաեւ նախաձեռնող ու նախագործող է:

Դուն ալ կը փորձես եւ պիտի տաս նոյն վկայութիւնը Աստուծոյ վեհանձնութեան, առատաձեռնութեան ու ձեռներէցութեան, այո՛, նոյնիսկ նախայարձակ գործելակերպին մասին: Այս յատկութիւններուն մէջ դուն չես կրնար գերազանցել Արարիչդ:

Հայրը վերադարձի ճամբան էր տակաւին. անոր որդին արդէն շատոնց ապաքինած էր, քանի արդէն «երէկ, եօթներորդ ժամուն, ջերմը թողուց» հիւանդը:

Հաւատացողին համար Յիսուսի հրաշարար խօսքին արդիւնաւէտութիւնը հիմա է, անմիջապէս է եւ րոպէահաս է. «Հայրը գիտցաւ, որ ճիշդ նոյն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն, թէ` «որդիդ կ՛ապրի»»:

Բայց նաեւ Աստուածամարդուն սրտէն ու մտքէն ելած խօսքն ունի միայն իր դրական հետեւանքները կեանքիդ ընթացքին մէջ. «Հաւատաց ան` հայրը, հաւատաց նաեւ անոր ամբողջ ընտանիքը»:

Յիսուսի խօսքին նախ հաւատացող հայրը ապա ըմբոշխնեց այս ճշմարտութիւնը, թէ Տիրոջ խօսքը գործ է, արարում է, հրաշք է, որովհետեւ սէր ու մարդասիրութիւն է:

Սրտաբուխ մաղթանքս է քեզի եւ բոլորին, որ Մարիամ Ս. Կոյսը, «Մայր հաւատոյ», հասկնալ եւ ապրիլ տա՜յ, թէ իր Որդիին խօսքին ապաւինողը կ՛արժանանայ հաւատալու նաեւ Յիսուսի գործին ու տեսնելու անոր հրաշազան արդիւնքները:

 

Այնճար, 26 յունուար 2014

Share this Article
CATEGORIES