ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման պատասխանատու Խալետ Մըքուատի հանդիպումին մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Տիար», «Շարք» եւ «Ախպար» օրաթերթերը):
– Հարցազրոյց` սուրիահայ երգչուհի Լենա Շեմեմեանի հետ:
– Անդրադարձ` Համասի ղեկավար Խալետ Մաշաալի Թուրքիա այցելութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան միջպաղեստինեան հաշտութեան մանրամասնութիւնները:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Շարք Աուսաթ», «Լիուա», «Ախպար» եւ «Տէյլի Սթար» օրաթերթերը):
«ՏԻԱՐ»
– Վերլուծական յօդուած, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ստացած ամերիկեան հրահանգներուն եւ անոնց ենթարկուելու հոգեբանութեան, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ արաբները պէտք չէ տարուին թրքական քաղաքականութեամբ` իրենց յիշողութեան մէջ վառ պահելով Օսմանեան կայսրութեան գործած աւերներն ու աղէտները:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ օտար պետութեանց դեսպաններուն կողմէ Ալեքսանտրէթի մէջ թրքական վրաններուն տակ հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն տրուած այցելութիւններուն:
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ` պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի Այնճար կատարած այցելութեան եւ Այնճարի մէջ անոր արժանացած ժողովրդային եւ պաշտօնական ընդունելութեան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
– Վերլուծական յօդուած, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ տիրող անորոշութեան` նախագահ Պաշշար Ասատի թէ Իսլամ եղբայրներուն զօրակցելու իմաստով:
«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»
– Հարցազրոյց` Լիբանանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավար Յարութիւն Ֆազլեանի հետ:
«ԱԽՊԱՐ»
– Անդրադարձ` Ուաթուաթ թաղամասին մէջ լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն ներկայութեան եւ հինէն ի վեր անոնց հոն ապրելուն մասին: