ՇԱՐՊԵԼ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԱԹՔԻՆԶԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՕՏԱՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

Ուաթքինզ եւ նախարար Շարպել

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ռոպըրթ Ուաթքինզի, որ շնորհաւորեց Շարպելը` անոր նախարար նշանակումին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրներուն վերաբերող այն հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են ներքին գործոց նախարարութեան:

Նախագահ Շարպելի այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, որ շնորհաւորեց Շարպելը եւ ընդգծեց ներքին գործոց նախարարութեան աշխատանքներուն ծիրին մէջ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց, որ հակառակ Սուրիոյ դէմ նիւթուած հսկայ դաւադրութեան, Սուրիա կրցած է տապալել այդ դաւադրութիւնը եւ յաղթահարել իր դժուարութիւնները ինքզինք, Լիբանանը եւ ամբողջ Միջին Արեւելքը աւելի եւս հզօրացնելով:

Շարպելի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ նորակազմ կառավարութեան յաջողութիւն մաղթեց:

Share this Article
CATEGORIES