ՊԸՐՐԻ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ԴԷՄ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը Սուրիոյ ապահովական կայունութենէն կախեալ է եւ փոխադարձաբար: «Հետեւաբար` մեզի համար օգտակար է, որ Սուրիա կարենայ յաղթական դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապէն եւ ներքին բարեկարգումներու գործադրութեամբ կարենայ ամրապնդել Իր ներքին կացութիւնը», շեշտեց ան:
Խորհրդարանի նախագահը խստիւ դատապարտեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ բանեցուած ճնշումները եւ բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն է:
«Կարծէք ամերիկեան վարչակազմը կը փափաքի միայն տուեալ անձնաւորութիւն մը վարչապետ տեսնել», ըսաւ ան:
Պըրրի մերժեց նաեւ Ուաշինկթընի կողմէ հաստատուած այն պարտադրանքը, որուն համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է յանձնառու մնայ Լիբանանի կողմէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան: