ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` մշակելու համար աշխատանքային իր ծրագիրը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց շարք մը թղթածրարներ, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ անոնց վերաբերեալ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին:
Մանսուր նախագահ Սլէյմանին արտօնութիւնը խնդրեց ուղղուելու Իրան եւ իր մասնակցութիւնը բերելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ ուղղուելու Ժընեւ, ուր պիտի մասնակցի ականներու վնասազերծման յատուկ խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պետական նախարար Ահմետ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ եւ նախկին նախարարներ Իպրահիմ Նաժժար եւ Ալի Շամի, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին ներլիբանանեան իրադարձութիւնները: