ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՄՇԱԿՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ

Նախարարական յանձնախումբի նիստը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ  նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի չորրորդ նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ տարբեր նախարարութիւններու հարցերուն քննարկումը, յատկապէս ինչ որ կը վերաբերի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ յանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Կը նախատեսուի, որ որոշ զգայնութիւն պատճառող Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի թղթածրարը քննարկուի երկուշաբթի օրուան նիստին ընթացքին:

Տաուք նկատել տուաւ, որ նիստին ընթացքին տիրած է աշխատանքային դրական մթնոլորտ:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ
ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Լատին ամերիկեան երկիրներու դեսպանները` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի եւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ շարժումի քարտուղար Իպրահիմ Մասրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Իմատ Հութ եւ Ժամաա Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ազզամ Այուպի:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական նախարար Ահմետ Քարամէ, որուն հետ վարչապետը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ միջազգային խաղաղութեան «Քառնըկի» հաստատութեան փոխնախագահ Մարուան Մաաշարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մաաշար վարչապետը հրաւիրեց հաստատութեան Ուաշինկթընի կեդրոն, որպէսզի դասախօսութիւն մը տայ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ լիբանանեան կեցուածքները բացատրէ տեղեկատուութեան մարզի միջազգային կարծիքին:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Ժիպէյլի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբը, որուն նախագահէն` Լաթիֆա Լաքքիսէն ստացաւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու փառատօնին բացման երեկոյին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 28 յունիսին:

Վարչապետ Միքաթի կը ստուգէ պետական քննութեանց ընթացքը

Միւս կողմէ, վարչապետը` ընկերակցութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի, երէկ քննութիւններու կեդրոններուն մէջ այցելեց պաքալորէայի պետական քննութիւններուն մասնակցող աշակերտներուն, որոնցմէ խնդրեց իրենց դիտողութիւնները կատարել եւ կարծիքը յայտնել քննութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը հսկէ պետական քննութիւններուն արդարութեան, լրջութեան եւ պարկեշտութեան:

Անդրադառնալով պետական քննութիւններուն հարցարանները սպրդեցնելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ մասին հետաքննութիւն բացուած է արդէն եւ յստակ տեղեկագիր մը պիտի ներկայացուի` այդ հետաքննութեան աւարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES