50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 25 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )
ՀՄԸՄ-Ի ՔԵՐՄԵՍԻՆ
ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԵՊ ՍԱԼԱՄ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ
ԻՐԻԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութեան կազմակերպած տարեկան մեծ քերմեսը, կիրակի, 25 յունիսին տեղի ունեցաւ հանրային պարտէզի գեղեցիկ միջավայրին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաեպ Սալամի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ իրիկուան հանդիսութեանց:
Քերմեսը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, զանազան վիճակախաղերով եւ զուարճութիւններով, որոնք առաւելաբար կը խօսէին երեխաներուն եւ պատանիներու սրտին:
Իրիկուան ժամը 7:00-էն ետք խուռներամ բազմութիւն մը սկսաւ խուժել դէպի հանրային պարտէզ:
Ժամը 9:00-ին սկսան պարերը, ղեկավարութեամբ Միլանօ նուագախումբին, մինչ միքրոյի վրայ, Խ. Արարատեան կը խանդավառէր ներկաները:
Վարչապետ Սաեպ Սալամ ժամանեց ժամը 10:00-ին եւ ընդունուեցաւ պետական հայ երեսփոխաններու եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամներուն կողմէ ու առաջնորդուեցաւ պատուոյ սեղանը, ուր տեղ գրաւեց հայ երեսփոխաններով շրջապատուած:
Վարչապետին ներկայութեան տեղի ունեցաւ գեղեցիկ կենդանի պատկեր մը: Այսրկարմիր լոյսերու ներքեւ, մասնաւոր սարքուածքով մը, վեր բարձրացան ՀՄԸՄ սկզբնատառերը, մինչ սկաուտներ պատուի կ՛առնէին: Արարատեան այդ պահուն արտասանեց խորհրդանշական դրութիւն մը:
Այնուհետեւ, Զաւարեան Ուս. Միութեան պարախումբը յաջողութեամբ պարեց հայկական երկու տոհմիկ երգեր, մեծապէս գնահատուելով:
Քերմեսը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը, ունեցաւ նաեւ զոյգ վիճակահանութիւններու իր յաջող բաժինը:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի քերմեսը բարոյական եւ նիւթական մեծ նպաստ մը բերաւ միութեան:
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
25 ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐ
ՎԿԱՅԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՆ
Շաբաթ, 24 յունիսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ամավերջի շատ տպաւորիչ հանդէսը` ծնողներու եւ բարեկամներու ստուար բազմութեան մը ներկայութեան:
Ներկայ էին մասնաւորաբար Լիբանանի Թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան եւ հայ զանազան վարժարաններու տնօրէններ ու տնօրէնութեանց ներկայացուցիչներ:
Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան եւ Ճեմարանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք, երգչախումբը երգեց ժողովրդական երկու երգեր, ղեկավարութեամբ Օննիկ Սիւրմէլեանի:
Բացման խօսքը ըրաւ հաստատութեան տնօրէն Ս. Վրացեան, որ շեշտեց, վերջին տասնամեակին ընթացքին, Ճեմարանի արձանագրած վերելքը, նիւթական, բարոյական թէ կրթական տեսակէտէն:
Եղան երկու արտասանութիւններ` արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Այնուհետեւ, Զ. դասարանէն, Տ. Շիրվանեան կարդաց ողջերթի յուզիչ ուղերձ մը, որուն պատասխանեց աւարտական դասարանէն` Վարդուհի Քիւրքճեան հրաժեշտի գեղեցիկ ուղերձով մը:
Ճեմարանի փոխտնօրէն Գառնիկ Բանեան կարդաց հաստատութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որուն ամբողջութիւնը պիտի հրատարակենք մեր յաջորդական թիւերով:
Երկոտասնեակ մը աշակերտներ-աշակերտուհիներ կատարեցին խմբական խորհրդաւոր արտասանութիւն մը` նուիրուած հայ լեզուին: Պատրաստուած վարժարանի փոխտնօրէն Մ. Իշխանի կողմէ` խմբական արտասանութեան մէջ մէկտեղուած էին հայ բանաստեղծներու քերթուածներէն հատուածներ` հայ լեզուին գովքը հիւսող:
Ի վերջոյ հասաւ հանդէսին ամէնէն տպաւորիչ մասը. վկայականներու բաշխումը: Այս տարի, Ճեմարան կու տայ բացառիկ հունձք մը. 25 աւարտականներ (13 աղջիկ, 12 մանչ) կ՛ընծայաբերուին հայ ժողովուրդին` Ճեմարանի մէջ իրենց ներշնչուած ոգիով գործելու եւ ծառայելու հայութեան:
Ստորեւ ընթացաւարտներու ցանկը.
Ռուբինա Ալահայտոյեան, Մելինէ Ժամկոչեան, Սրբուհի Իբրանոսեան, Ռուբինա Կէօվճէլեան, Հռիփսիմէ Մարտիրոսեան, Վարդուհի Մէհտէրեան, Սօսի Յովսէփեան, Ալիս Շահինեան, Նորա Շխըրտըմեան, Մարալ Պաղտասարեան, Եսթեր Սարգիսեան, Վարդուհի Քիւրքճեան, Յովսէփ Գրաթլեան, Ալիշան Թոփալեան, Րաֆֆի Ճենապեան, Արա Մատէնլեան, Համօ Մարտիրոսեան, Մաթիկ Մաւիսագալեան, Թորգոմ Մկրտիչեան, Պերճ Պարմագսըզեան, Վահան Պզտիկեան, Զարեհ Սրուզեան, Յակոբ Վարդապետեան եւ Արի Տիքիճեան:
Հանդէսը փակուեցաւ երգչախումբի երգած երկու կտորներով: Հանդէսէն ետք, հանդիսականները շնորհաւորեցին աւարտականները ու մաղթեցին նոր յաջողութիւններ: