Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Զինեալ Մը Սպաննուած Է

Օրհան Ռահիմուլլահ

Օրհան Ռահիմուլլահ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ժիհատականներու պատկանող կայքէջին վրայ տարածուած տեղեկութեան մը, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ծայրայեղական իսլամներու շարքերուն մէջ կռուող ազրպէյճանցի զինեալ մը:

Կը հաղորդուի, որ ազրպէյճանցի Օրհան Ռահիմուլլահ սպաննուած է Սուրիոյ կանոնաւոր բանակին հետ բախումներու ընթացքին: Յստակ չէ, թէ Ազրպէյճանի ո՛ր շրջանէն է ան:

Տարածուած է նաեւ անոր լուսանկարը:

Մէկ օր առաջ ԱՓԱ հաղորդած էր, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերու հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած է «Մոհամետ» կեղծանունով ազրպէյճանցի իսլամական զինեալ մը: Յստակ չէ, եթէ «Մոհամետ» եւ Օրհան Ռահիմուլլահ նոյն անձն են, թէ չէ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակի սրումին զուգահեռ հարիւրաւոր ազրպէյճանցիներ մեկնած են Սուրիա` սրբազան պատերազմի մասնակցելու համար:

Մինչեւ հիմա Սուրիոյ մէջ աւելի քան հարիւր ազրպէյճանցի զինեալներ սպաննուած են:

Share this Article
CATEGORIES