Պահչելի` Էրտողանի Եւ Փտածութեան Մասին

Տեւլեթ Պահչելի

Տեւլեթ Պահչելի

Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ ազգայնամոլներու կուսակցութեան` Ազգային շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի Թուրքիոյ մէջ կաշառակերութեան եւ փտածութեան մասին շարք մը յայտարարութիւններ կատարած է:

«Ո՛վ կ՛ուզէ թող ըլլայ, պէտք է կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարինք: Եթէ վարչապետը կարենար այդ մէկը ընել 17 դեկտեմբերին, ժողովուրդին վստահութիւնը վաստկած անձնաւորութիւն պիտի ըլլար: Դատախազները դատական գործեր յարուցած էին 17 դեկտեմբերի գործով ցուցակին մէջ տեղ գտած գործարարներու, նախարարներու որդիներու եւ այլ անձերու դէմ:

«Վստահ չեմ կրնար ըսել, որ անոնք ներքաշուա՞ծ են այդ գործողութեան մէջ, թէ՞ ոչ, ատիկա դատավարութիւնը ցոյց պիտի տայ, սակայն եթէ Էրտողան այդ պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցնէր, բոլորովին այլ Էրտողան պիտի ըլլար, սակայն այդ մէկը չըրաւ», յայտարարած է Պահչելի:

Share this Article
CATEGORIES