Քերրի-Զարիֆ Հանդիպում` Միւնիխի Մէջ

Զարիֆ եւ Քերրի
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Միւնիխի մէջ բանակցութիւններ վարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:
Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերով խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ:
Բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները յայտնի չեն. յայտնի է միայն, որ նման բանակցութիւններ նախատեսուած չեն եղած եւ անոնք տեղի ունեցած են իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Արեւմուտքը ապասառեցուցած էր Իրանի պատկանող շուրջ 500 միլիոն տոլարի դրամատնային հաշիւներ:
Զարիֆ երէկ յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ չէ իւրանիոմի հարստացման համար օգտագործուող սարքերու հետազօտութենէն հրաժարելու:
CATEGORIES Միջազգային

