«Թուրքիա Եւ Իրան Պարտին Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Համար Համագործակցիլ» Կ՛ըսէ Կիւլ

Կիւլ եւ Ռուհանի

Կիւլ եւ Ռուհանի

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան եւ Թուրքիա պարտին համագործակցիլ եւ ջանք թափել սուրիական տագնապին լուծման համար:

Ան նշեց, որ սուրիական տագնապը լուծելու առիթներ գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ «եթէ դրական կերպով դիտենք, ապա Իրան այս տագնապին լուծման կարգ մը առիթներու գոյութեան կը հաւատայ»:

Կիւլ գոհունակութիւն յայտնեց իրանեան հիւլէական թղթածրարի լուծման նոր հանգրուանի սկիզբին առնչութեամբ նշելով, որ այդ մէկը առիթ պիտի ընծայէ, որ Իրան աւելի համապարփակ կերպով զբաղի սուրիական հարցին լուծումով:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար Իրանի հետ համագործակցութիւնը կարեւոր է, եւ իր երկրին ու Իրանի արտաքին գործոց նախարարները այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հարցով Իրանի եւ Թուրքիոյ տեսակէտներու մերձեցումը եւ անոնց միջեւ սերտ համագործակցութիւնը միջազգային ընտանիքին առաջարկ ներկայացնելու կարելիութիւնը պիտի ստեղծէ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Միւնիխի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին յայտարարեցին, որ «Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը պէտք է պատրաստակամութիւն յայտնեն «Ժընեւ-1»-ի յայտարարութեան յօդուածները քննարկելու»:

Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին ճնշում բանեցնելը սուրիական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս յարգէ իր քիմիական զէնքերը Լաթաքիա փոխադրելու վերաբերեալ յանձնառութիւնները: Երկու նախարարները նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցին Հոմս եւ պաշարուած այլ շրջաններ մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման ապահովման համար յաւելեալ քայլերու որդեգրման կարեւորութեան շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES