Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան ուղղուելէ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական խախտումները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Պէյրութ ժամանած է ապահովական-դիւանագիտական բարձրաստիճան պատասխանատու մը` քննարկելու համար Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը: Իպրահիմ հաստատեց, որ եպիսկոպոսները ողջ-առողջ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Ապտել Քատուս Շամանտարը, որ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն է եւ արդարութենէն խոյս տուած նախկին երգիչ Ֆատլ Շաքերի եղբօրորդին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը յայտնեց, որ Մեհրապի վերեւ առանց օդաչուի հետախուզական օդանաւի մը կատարած թռիչքներուն գծով լիբանանեան բանակը հետաքննութիւն բացած է:

ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սալամ հարց չունի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին հետ հանդիպում մը ունենալու:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան շուրջ տակաւին համաձայնութիւն մը չկայ: Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին պէտք չէր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը նման խոչընդոտներով շրջափակել:

ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ խմբաւորումի մը մաս կազմելու յանցանքով ամբաստանուած շէյխ Օմար Աթրաշի գործակիցը կը գտնուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ եւ ան տակաւին ահաբեկչական իր աշխատանքը կը համադրէ Թուֆիք Թահայի հետ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի անդամ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ նոյն երկրին մէջ իր գործակիցներուն սպանութիւնը ծրագրող ամբաստանեալը ազատ արձակելու պահանջները դատապարտելի են:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական կարգ մը տեղեկագիրներու համաձայն, Լիբանան կը գտնուի շատ վտանգաւոր հանգրուանի մը սեմին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին  ապահովութեան ուժերը բացայայտած են փաստաթուղթ մը, որուն համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի սուրիական խմբաւորումի մը կողմէ սպանութեան սպառնալիքներ ստացած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա մերժեց քրիստոնեաներուն ճակատագիրը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կապել: Ան շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրենց նպատակներուն մէջ անկեղծ չեն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի կազմէ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն այն ուժերը, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել կառավարութեան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ դրած է կազմելու կառավարութիւն մը, սակայն ան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն չի փափաքիր բաժնուիլ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական համախմբող կառավարութիւն մը եւ Ազգային երկխօսութեան նիստերը վերսկսելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առաջարկած է նոր կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յանձնել զօր. Միշել Աունի:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոս կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ նկատի կ՛ունենայ Լիբանանի դէմ գործուած վտանգները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր դաշնակիցներէն պահանջած է խոստում մը` զօրակցելու նախագահական ընտրութեան իր առաջադրելիք թեկնածութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES