Սալամ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Քննարկեց Խալիլի Եւ Պասիլի Հետ

TamamSalamՆշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Երեկոյեան Սալամ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կապուած մանրամասնութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES