«Լիբանանը Եւ Բոլոր Լիբանանցիները Վտանգի Ենթակայ Են» Ընդգծեց Միքաթի

Միքաթի եւ Իպրահիմի` Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հանդիպումին ընթացքին
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Միւնիխի ապահովութեան միջազգային խորհրդաժողով»-ին, որուն շրջագիծին մէջ ան մաս կազմեց յատուկ հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Սուրիոյ տագնապը:
Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ միջազգային դիւանագիտութեան մաս կազմող մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային եւ արաբական յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքը այն է, որ ան կարենայ կարելիութեան սահմաններուն մէջ հեռու մնալ անկէ:
«Սակայն Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենան լիբանանեան հանրութեան եւ տնտեսութեան վրայ, հետեւաբար Լիբանան կարիքը ունի միջազգային ընտանիքին աջակցութեան», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու կարեւորութիւնը` ցաւ յայտնելով սակայն, որ ըստ երեւոյթին, այդ պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ:
Անդրադառնալով բացայայտուած այն տեղեկութիւններուն, թէ ինք սպանութեան սպառնալիքներ ստացած է որոշ կողմերէ, Միքաթի ըսաւ. «Ցաւ ի սիրտ բոլոր լիբանանցիները սպառնալիքի տակ կը գտնուին եւ անոնց առօրեան վտանգուած է: Դժբախտաբար Լիբանանը այս կացութեան մէջ կը գտնուի, եւ ներքին լիբանանեան լարուածութիւնը կը նպաստէ աւելի եւս վտանգելու լիբանանցիներուն իրավիճակը: Ես կը կատարեմ իմ ազգային պարտականութիւններս եւ խիղճս հանգիստ է, ինչպէս նաեւ Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ պահպանէ Լիբանանն ու լիբանանցիները»:
Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին կողքին Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ Լախտար Իպրահիմիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Պոկտանովի հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ Միքաթիի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Փարիզ մտադիր է մարտ ամսուան ընթացքին խորհրդաժողով մը կազմակերպել` Լիբանանին նիւթական եւ տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած բեռը բաւական ծանր է:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրխալթերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պուրխալթեր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի` անոր դիմաւորած սուրիացի գաղթականներուն համար:
Միքաթիի այցելեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի խնդրեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանի կատարուած օժանդակութիւնը աւելցնել, որպէսզի ան կարենայ հոգալ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա վոն տել Լայնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` լիբանանեան բանակին տրամադրուած գերմանական աջակցութեան համար:
Միքաթի անջատաբար ընդունեց Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ահմեթ Տաւութօղլուն եւ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական եւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Միքաթի լիբանանեան բանակէն խնդրեց Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ համապատասխան քայլերու դիմել եւ ապահովական միջոցառումներ որդեգրել` արգիլելու համար սահմանամերձ շրջաններուն ռմբակոծումը:

