Անձնասպանական Երկրորդ Գործողութիւն Մը Կը Հարուածէ Հերմելը

hermel2Շաբաթ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:15-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելը, երբ ականուած ինքնաշարժ մը մուտք գործեց «Այթամ» պենզինի կայանը եւ հոն պայթեցաւ:

Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ չորս զոհ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 28 ուրիշներ:

Արձանագրուած զոհերն են` Ալի Ալլաու, Իպթիսամ Մուսաուի, Իսամ Խէյրէտտին եւ Հասան Թահա, իսկ վիրաւորներուն մեծ մասը բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին` նկատի ունենալով, որ արձանագրուած են այրուածքի լուրջ պարագաներ, որոնք փոխադրուած են Պէյրութի Ժեհթաուի հիւանդանոց:

Մնացեալ բոլոր վիրաւորները փոխադրուած են Ասիի, Պաթուլի եւ Ռայեաքի հիւանդանոցները:

Պայթումին համար օգտագործուած էր «Կրանտ Շերոքքի» տիպի գինեգոյն ինքնաշարժ մը, որ կը կրէր 286173/ՈՒ կեղծուած թիւը:

Այս պայթումին պարագային մտավախութիւնը այն էր, որ պայթումին պատճառով հրկիզուէին նաեւ պենզինի կայանին պատկանող վառելանիւթի շտեմարանները, սակայն հրշէջները կրցած էին հակակշիռի տակ առնել հրդեհը եւ կանխարգիլել աւելի հսկայ փորձանք մը:

Բանակը, քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը, ուր անոնք կատարեցին փրկարար աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ շրջափակեցին պայթումին վայրը, որպէսզի քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները կատարեն իրենց աշխատանքը:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի հրահանգով դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուեցաւ:

Ըստ լիբանանեան բանակին տուեալներուն, ականուած ինքնաշարժը կը պարունակէր 25-30 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, ինչպէս նաեւ հրթիռներ եւ ձեռնառումբեր:

Նշենք, որ պենզինի կայանէն 200 մեթր անդին կը գտնուէր Մապարրաթ գիշերօթիկ դպրոցը, որուն պատասխանատուներէն Հայտար Ժաուհարի յայտնած էր, թէ բոլոր աշակերտները լաւ վիճակի մէջ են:

Անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Ժապհաթ Նուսրան, որ իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, թէ ամօթ է Հըզպալլային, որ երկրորդ անգամ ըլլալով թիրախ դարձաւ նման գործողութեան մը` փաստելով իր տկարութիւնը:

hermel2bՀաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Հըզպալլա կը շարունակէ սպաննել սուրիացիները, եւ այդ պատճառով իսկ զայն պիտի հարուածենք իր շրջաններուն մէջ, որպէսզի ան վերատեսութեան ենթարկէ իր հաշիւները»:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 11:00-ին Ալլաու աշիրեթի անդամներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Հերմելի մուտքը` ընդվզելով Սուրիոյ մէջ ականուած այս ինքնաշարժները սահմանամերձ շրջաններէն` Արսալէն Լիբանան փոխադրելու եւ ահաբեկչութիւններ գործելու արարքներուն դէմ:

Ժամ մը ետք` կէս գիշերին բանակը կրցաւ վերաբանալ ճամբան:

Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան դէպքին վայրէն իր խօսքը ուղղեց լիբանանցիներուն` ըսելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար կարիքը կայ ազգային համախոհական եւ իսկական կեցուածքի մը, որուն մէջ արդարացումները եւ պատճառաբանութիւնները գոյութիւն չունին, ինչպէս կատարուած են նախորդ օրերուն` ի պատասխան բանակին իրագործած ահաբեկիչները ձերբակալելու նուաճումին:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ պահանջուածը այն է, որ ահաբեկիչներուն հիւրընկալ միջավայր մը չստեղծուի եւ անոնց արարքները չարդարացուին, որովհետեւ նման քայլեր գործուած ոճիրներուն եւ ահաբեկչութիւններուն մեղսակցութիւն կը նկատուին:

hermel2aՀաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի, որ իր կարգին ուղղուեցաւ դէպքին վայրը, դատապարտեց պայթումը` նշելով, որ սադրանքները Հերմելի ճամբով Լիբանան մուտք պիտի չգործեն:

«Լիբանանցիները պէտք է ըմբռնեն, որ այս պայթումները ամբողջ երկիրը թիրախ կը դարձնեն, եւ ահաբեկչութեան արդարացումը խստիւ մերժելի է», ըսաւ ան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ լիբանանցիները` իբրեւ ղեկավարութիւն եւ հանրային կարծիք, դասեր քաղեն ահաբեկչական գործողութիւններէն եւ անոնց պատճառած մարդկային ու նիւթական վնասներէն, ինչպէս նաեւ ստեղծած մտահոգութիւններէն եւ վախէն:

Նախագահ Սլէյման ցաւակցութիւն յայտնեց Հերմելի պայթումին զոհերուն ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն ապաքինում մաղթեց: Ան ապահովական  եւ դատական կառոյցներէն պահանջեց հետապնդել գրգռութիւններ հրահրող կողմերը եւ զանոնք ձերբակալել ու հաշուետուութեան կանչել:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն նկատի ունենալու Լիբանանին սպառնացող վտանգները եւ ազգային շահերը հետապնդելու` ամրապնդելով նոյն երկրի զաւակներուն միջեւ միասնականութիւնն ու ազգային երկխօսութիւնը:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց պայթումը եւ կոչ ուղղեց միասնականութեան` պաշտպանելու համար երկիրն ու քաղաքացիները:

Միքաթիի ցուցմունքով Աղէտներու պատճառած վնասներու հատուցման գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ ուղղուեցաւ Աքքար, ուր ան ստուգեց պայթումին պատճառած վնասներուն տարողութիւնը:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Ան կոչ ուղղեց Հերմելի բնակչութեան ինքնազսպումի ենթարկուելու, հակառակ զիրենք համակող խոր ցաւին:

«Այս երկչոտ ահաբեկչութիւնը պէտք է ըլլայ առիթ մը` վերջ մը դնելու սադրանքներուն եւ համախմբուելու բանակին ու ապահովութեան ուժերուն շուրջ», ըսաւ Սալամ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ահաբեկչութեան հանգրուանին մէջ` Սուրիոյ պատերազմին եւ շրջանին տիրանալու նպատակով տարբեր պետութիւններու միջեւ պայքարին պատճառով:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ապահովական բոլոր մարմիններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ փակելու սահմանային կարգ մը անցքերը: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը` ազգային փոխըմբռնումի հիման վրայ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ դատապարտեց Հերմելի պայթումն ու Աքքարի ռմբակոծումը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած այս կացութիւնը Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակին հետեւանքն է: Ան նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է որդեգրել այնպիսի քայլեր, որոնք Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն իսկապէս հեռու կը պահեն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ շարունակուող պայթումները կը միտին հրահրել յարանուանական գրգռութիւններ:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան խստիւ դատապարտեց ահաբեկչական գործողութիւնները` ընդգծելով ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան դատապարտեց Հերմելի պայթումը` պահանջելով արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը:

Թաուհիտ կուսակցութիւնը դատապարտեց Հերմելը թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը` շեշտելով, որ այս պատերազմը պիտի չտկարացնէ Դիմադրութեան կամքը:

Պայթումը դատապարտուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ցաւ յայտնեց, որ Հերմել դարձեալ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած է, եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին, ինչպէս նաեւ պահանջեց յանցագործները արդարութեան յանձնել:

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր դատապարտեց պայթումը` շեշտելով, որ պէտք չէ առիթ տալ, որ Լիբանանի մէջ ոճրագործները բաժանում պատճառեն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խստիւ դատապարտեց Հերմելի պայթումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն հարազատներուն:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլի դատապարտեց պայթումը եւ կոչ ուղղեց բոլորին համախմբուելու պետական հաստատութիւններուն շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Քասքասի Մէջ 

Հերմելի պայթումէն շուրջ կէս ժամ անց, Պէյրութի մէջ շաբաթ երեկոյեան լսուեցաւ այլ պայթում մը, որուն մասին առաջին հակազդեցութիւնը այն էր, թէ Հարաւային արուարձանները նոր պայթումի մը թիրախ դարձած էին:

Սակայն քանի մը վայրկեան ետք յստակացաւ, որ Մասրի եւ Այթանի ընտանիքներէն երկու երիտասարդներ Քասքասի Խաշըքժի մզկիթին մէջ ձայնային ռումբով մը «զբաղելու» ընթացքին ռումբը պայթած էր եւ վիրաւորած զիրենք:

Վիրաւորները ուղղակի փոխադրուեցան «Մաքասետ» հիւանդանոց, որուն պատասխանատուները յայտնեցին, թէ Այթանի ընտանիքի անդամը ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Մշարրաֆիէի Մէջ Նահատակներու
Ընտանիքներու Բողոքի Նստացոյց

Հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումներուն պատճառով զաւակներ ու հարազատներ կորսնցուցած ընտանիքները շաբաթ յետմիջօրէին կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին Օմար Աթրաշը մահապատիժի ենթարկել:

Բողոքի խաղաղ նստացոյցը կատարուեցաւ Մշարրաֆիէի մէջ, ուր անոնք հաւաքուեցան եւ ապա ուղղուեցան Թայյունէ:

Ցուցարարները լիբանանեան դատական իշխանութիւններէն պահանջեցին արդարութիւն բանեցնել եւ չենթարկուիլ իրենց վրայ բանեցուող քաղաքական ճնշումներուն:

Անոնք զարմանք յայտնեցին, թէ ինչպէ՛ս ոմանք կ՛արդարացնեն ահաբեկիչներուն արարքները:

Ցուցարարները ողջունեցին լիբանանեան բանակը` ահաբեկիչները ձերբակալելու անոր նուաճումին համար:

Share this Article
CATEGORIES