Շուէտի Թուրքերը Բողոքած Են Ցեղասպանութեան Յուշարձան Կառուցելու Որոշումին Դէմ
«Հայ թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի կառուցման դէմ հանդէս եկած են այդտեղ բնակող թուրքերը:
Որոշումին որդեգրումէն ետք, թուրք եւ ազրպէյճանցի քաղաքացիները հաւաքուած են քաղաքապետարանի շէնքին մօտ եւ պահանջած չեղեալ նկատել որոշումը:
Անոնք բարձրացուցած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնցմով ուզած են Շուէտին ցոյց տալ, որ հայերուն պնդումները սուտ են:
Անոնք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի կառուցման որոշումը իրենց դէմ «յարձակում» որակած են: Նոյն ժամուն այնտեղ հաւաքուած են նաեւ յուշարձանի կառուցման կողմնակիցներ, եւ ոստիկանութիւնը խիստ միջոցառումներ որդեգրած է հաւանական բախումը կանխարգիլելու համար:
CATEGORIES Հայկական

