Կիւլ Դարձեալ Կը Խօսի 1915-ի Նախօրեակին Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Մասին
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ դարձեալ խօսած է 2015-ի նախօրեակին Թուրքիոյ գործողութիւններուն մասին:
Իտալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն ետք, Անգարայի օդակայանին մէջ տրուած աւանդական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Կիւլ կարեւոր նկատած է 2014-2015 թուականները:
«Միջազգային հարթակներուն վրայ Թուրքիա մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի: Երեք-չորս տարի առաջ մեր փայլուն անունով եւ, իբրեւ երկիր մը, որ ունի բազմաթիւ բարեկամներ, մենք կը կարծէինք, թէ մեր այս դժուարութիւնները աւելի դիւրութեամբ պիտի յաղթահարենք: Այսօր համաշխարհային մեր վարկանիշէն մնացորդներ մնացած են, որովհետեւ մենք զբաղած ենք ներքին խնդիրներով, որոնք անկեղծօրէն առաւելագոյնի կը հասցնեն դժուարութիւնները», յայտարարած է Կիւլ:
Ան աւելցուցած է, որ «ասկէ երեք-չորս տարի առաջ կառավարութեան կողմէ այս հարցին առնչութեամբ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են: Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք պէտք է հաւաքենք մենք մեզ, մենք պէտք է վեր կանգնինք այդ նիւթերէն, զորս այսօր կը քննարկենք եւ մենք մեզի համար խնդիրներ չստեղծենք:
«Մենք պէտք է բազմապատկենք հետեւեալ բաները` պէտք է աշխարհին յիշեցնենք Թուրքիոյ բարեկամը եւ Թուրքիոյ հետ ըլլալու գինը», ընդգծած է Կիւլ:
Ասիկա վերջին երեք շաբաթներուն Թուրքիոյ նախագահին կողմէ երրորդ կոչն է` համադրուած պատրաստուելու 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

