Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Դրամաշնորհին Մեծ Մասը Պիտի Յատկացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղուած Ծրագիրներու

նախագահական-նստավայր2014-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դրամաշնորհին մեծ մասը պիտի յատկացուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Դրամաշնորհներու մրցոյթը յայտարարուած է շաբաթ օր:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան նշած է, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ աւելցած ծրարի ծիրին մէջ պիտի իրականացուին շարք մը ձեռնարկներ` սեմինարներու, դասընթացներու, գիտաժողովներու իրականացման, ինչպէս նաեւ տարատեսակ յօդուածներու տպագրման ձեւով:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ բազմաթիւ ծրագիրներ պիտի առանձնանան դրամաշնորհներու մրցոյթի շրջագիծին մէջ: Կը մտածենք նաեւ մեր օրերու հերոսներուն կարեւորութեան մասին` ատիկա առանձին ծրագիրներու մէջ ներառուած է», նշած է Աւագեան: Անոր խօսքով, մեր օրերու հերոսները մեծարելու վառ օրինակ է նաեւ մարտական խնդիրը արիաբար կատարելու ժամանակ օրեր առաջ զոհուած զինուոր Արմէն Յովհաննիսեանի հերոսական արարքը:

«Ընթացիկ բոլոր ծրագիրները, որոնք իրականացած են եւ կ՛իրականացուին անպայման պիտի պահպանուին: Խօսքը հակածխախոտային ամբողջ ծրարին մասին է, բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ ունինք, որոնք այդ մարզին մէջ մասնագիտացած են: Միւս ծրագիրը կապուած է գիւղական երիտասարդութեան հետ, ինչ որ բացառապէս կ՛իրականացուի հանրապետութեան մարզերուն մէջ», տեղեկացուցած է հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգողը:

Դրամաշնորհի յատկացման մրցոյթի յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի, տարբեր նախարարութիւններու, հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Մրցոյթի ընդհանուր պիւտճէն տարեկան կը կազմէ 200 միլիոն դրամ: Մէկ ծրագիրի համար յատկացուող առաւելագոյն դրամաշնորհի չափը մէկ կազմակերպութեան համար կը կազմէ 5 միլիոն դրամ:

«Նախապէս մէկ կազմակերպութեան տրուող դրամաշնորհի չափը շատ մեծ եղած է, սակայն Երիտասարդական հիմնադրամին որոշումով, այլեւս մեծ գումարներ մէկ կազմակերպութեան պիտի չտրամադրենք, փոխարէնը նպատակայարմար գտած ենք աւելի շատ թիւով կազմակերպութիւններ ներգրաւել ծրագիրներու իրականացման մէջ», աւելցուցած է Աւագեան:

Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գործընկեր կազմակերպութիւնն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յատկացուող դրամաշնորհներու մրցոյթներ կը կազմակերպէ: 2013-ին հիմնադրամը յայտարարած է դրամաշնորհներու մրցոյթներ 7 տարբեր անուանակարգերու համար: Մրցոյթին դիմած էր 19 կազմակերպութիւն, որոնցմէ 18-ն ստացած էր դրամաշնորհ: Հսկողութեան արդիւնքով պարզուած է, որ մէկ հասարակական կազմակերպութիւն պատշաճ կերպով չ՛իրագործեր ծրագիրը, եւ փոխանցուած գումարը ետ գանձուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )