Կառավարութիւնը Հրապարակեց Մաքսային Միութեան Միանալու «Ճամբու Քարտէս»-ը

Հայաստանի կառավարութիւնը շաբաթ օր հրապարակեց Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան «ճամբու քարտէս»-ը:

Փաստաթուղթը վերնագրուած է «Մաքսային միութեան եւ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան, Ղազախստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան միջոցառումներու ծրագիր («ճամբու քարտէս»):

Հրապարակուած է նաեւ «ճամբու քարտէս»-ի իրականացման ուղղուած գործողութիւններու ժամանակացոյցը, որ բաղկացած է 249 էջէ:

Share this Article
CATEGORIES