Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ մտահոգուիք այն հանդիպումին համար, զոր պիտի ունենաք նոր անձնաւորութեան մը հետ, առաջին անգամ ըլլալով: Հանդարտ մնացէք եւ ձեր պատասխանները ըլլան ինքնավստահ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը օրին կատարեցէք ձեր վճարումները, որոնք կը վերաբերին մուրհակներու: Վստահութիւն ներշնչեցէք պահելու համար ձեր վարկը ընկերութեան մէջ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արուեստի յատուկ գործունէութեան մը պիտի մասնակցիք: Ձեր տեսակէտը կարեւոր ներդրում մը պիտի ըլլայ տուեալ ծրագրին յաջողութեան մէջ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք քանի մը բարեկամներով: Կարճատեւ այս տեղափոխութիւնը առիթ մը պիտի ստեղծէ նոր ձեռնարկի մը սկսելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բնութիւնը լաւագոյն դարմանն է ձեր մտահոգութիւնը փարատելու: Կը տեսնէք ձեր շրջապատին փոփոխութիւնները, նոյնիսկ ձմրան եղանակը մտածել կու տայ գալիք պայծառ օրերու մասին: Յոյսով ապրեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մանկավարժական ձեր շնորհը պիտի գնահատուի` շնորհիւ ձեր նուիրեալ գիտակցութեան եւ ձեռնհաս ուսուցման: Եթէ ծնողք էք, ճանչցէք ձեր զաւակներուն բնաւորութիւնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր հարցի մը մանրամասնութիւնները քննարկելու ժամանակը չէ: Կեդրոնացէք հիմնականը լուծելու, որպէսզի զերծ մնաք տաղտուկներէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիքաւոր անձի մը օժանդակելով` պիտի արժանանաք ձեր շուրջիններուն գնահատանքին: Կարեկցութիւնը մարդկային ազնիւ զգացում է, արտայայտելը առաքինութիւն է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամութեամբ արտասանուած խօսքը պէտք չէ այլափոխուի բերնէ բերան: Ձեզմէ կ՛ակնկալուի ըլլալ զուսպ բերան, գաղտնապահ եւ անկեղծ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ներկայ պիտի գտնուիք արուեստի հանդիսութեան մը: Նախընտրութիւնը ձեզի կը պատկանի. թատրոն, շարժանկար, կամ նկարչական ցուցահանդէսի մը ներկայ ըլլալը պիտի պայծառացնէ ձեր տրամադրութիւնը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընթերցանութեամբ պիտի զբաղիք ձեր պատրաստելիք ծրագիրը աւելի լաւ սերտելու համար: «Իմ գիտցածս ինծի կը բաւէ», մի՛ ըսէք, միշտ սորվեցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հեռու մնացէք երկու անձերու միջեւ եղած վէճէն, որպէսզի կողմ չնկատուիք: Հաշտարար եւ չէզոք դիրքի վրայ մնացէք: Օրը յաջող է:

Share this Article
CATEGORIES