50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1964)
Հայկական Կեանք
«Գասպար Իփէկեան»
Թատերախումբը Հալէպի Մէջ
Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 յունուար 1964, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հալէպի «Սուրիա» շարժանկարի 1200 հոգինոց ընդարձակ սրահին մէջ ներկայացուց «Օսքար»-ը:
Երկու անգամին ալ սրահը լեցուած է ծայրէ ծայր:
Մեծ գոհունակութիւն պատճառած է թատերախումբին ներկայութիւնը հալէպահայութեան:
Նոր Գիւղի Համազգայինի Երիտասարդաց միութեան ակումբը իր արդիական սարքաւորումով եւ նորակերտ թատերասրահը հիացում պատճառած են թատերախումբին:
Կիրակի կէսօրին մեծ ճաշկերոյթ մը տրուած է Երիտասարդացի ակումբին մէջ` ի պատիւ թատերախումբին, եւ ստեղծուած է խանդավառ մթնոլորտ:
Թատերախումբը այցելած է առաջնորդարան, Ճեմարան, Հայկազեան եւ Զաւարեան վարժարանները: Ամէնուրեք սիրալիր ընդունելութեան արժանացած է եւ լաւագոյն տպաւորութիւններ ձգած են աշակերտութեան վրայ:
182,000 Տոլար Հատուցում
Պոսթընի Մշակութային Միութեան
«Պոսթըն Կլոպ» կը հաղորդէ, թէ Սաֆըք Քուանթրիի գերագոյն ատեանը որոշած է 182,000 տոլարի հատուցում մը ընել Պոսթընի Հայ մշակութային հիմնարկութեան` մատենադարանի շէնքին համար, զոր Մասաչուսեցի նահանգապետութիւնը ապասեփականացուցած էր 1961-ին, ապա քանդած` նոր նահանգապետարանի շինութեան համար:
Հայ մշակութային հիմնարկութեան տէր եւ տնօրէնն է Վահան Թոփալեան, որ մատենադարանին մէջ տարիներու ընթացքին հաւաքած է հազարաւոր գիրքեր` հայ եւ օտար, ինչպէս նաեւ` մեծարժէք հրատարակութիւններ:
Հայերու Թիւը
Խորհրդային Միութեան Մէջ
«Թայմ» շաբաթաթերթը հրապարակած էր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ռուսիա» եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը բովանդակէր: Այս հրատարակութիւնը խորհրդային երկիրներու մէջ բնակող հայոց թիւը 2,787,000, ու Խորհրդային Հայաստանի բնակիչներու թիւը 1,893,000 ցոյց կու տայ:
Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Ամերիկացի գործաւորներ Ռուսաստան կ՛այցելեն:
– Գո՞հ էք ձեր կեանքէն,- կը հարցնեն ռուս գործաւորներուն:
– Հիանալի, շատ գոհ ենք:
– Ամէն օր ի՞նչ կ՛ուտէք:
– Ձուկ, գլուխն առաւօտ, փորը կէսօր, պոչն ալ երեկոյ: Իսկ դուք ի՞նչ կ՛ուտէք:
– Առաւօտեան` կարագ, չայ, կաթ, հաւկիթ. կէսօրին` միս, պանիր, անուշեղէն. երեկոյեան` դարձեալ կաթ, չայ, ապուխտ եւ շատ բաներ:
– Ատոնք հին բաներ են,- կը պատասխանեն ռուսերը,- մենք ասկից քառասուն տարի առաջ կ՛ուտէինք:
***
Խրուշչեւ Հայաստան կ՛երթայ եւ կը հանդիպի հայ գիւղացի կնոջ մը:
– Գո՞հ ես վիճակէդ, ի՞նչ ունիս ապրելու համար:
– Շատ գոհ. տասը հատ կով ունիմ, քսան հատ հաւ, ոչխար, այծ: Ապրի՛ մեր ընկեր Խրուշչեւը, Ռուսաստանը դրախտ ըրաւ:
– Առաջին անգամ կը լսեմ, որ մէկն այսպէս գոհ է: Գիտե՞ս, ես եմ Խրուշչեւը:
– Ես ալ կարծեցի, թէ ամերիկացի լրագրող մ՛է,- մրմռաց կինը:
***
Լենինականի մէջ նախակրթարանի դպրոց մը կայ: Վարժուհին կը հարցնէ փոքրիկ Սարգիսին:
– Ինչո՞ւ երէկ դպրոց չեկար:
– Շապիկս լուացին, ընկերուհի՛:
Քանի մը օր վերջ Սարգիս նորէն դպրոց չ՛երթար:
– Ինչո՞ւ երէկ դպրոց չեկար,- հարցուց վարժուհին:
– Ձեր դռնէն անցնելով` տեսայ, որ դուք ալ լուացք ըրեր էք:
Մեծ Հայերու Զաւակները Եւ Թոռները
Այվազովսկիի Թոռը Ծանօթ Օդանաւորդ Է,
Ղազարոս Աղայեանի Տղան Երաժշտագէտ Է,
Ստեփան Մալխասեանի Թոռն Է Րաֆֆի Պետրոսեան
Երեւանի դպրոցներէն մէկուն պատմութեան դասատու Ա. Սիմոնեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ հաւաքած է հայ գրագէտներու, մտաւորականներու ու արուեստագէտներու զաւակներուն եւ թոռներուն իմացական եւ ընկերային արժէքներուն մասին: Ստորեւ` մէկ քանին.-
Այվազովսկիի թոռը` Կոստանդին Արցիուլով ներկայիս կ՛ապրի Մոսկուա: Շատ ծանօթ օդանաւորդ է եւ օդանաւերու ճարտարագէտ: Վերջերս տօնեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Ալ. Թամանեանի երկու զաւակներն ալ կը շարունակեն իրենց հօրը գործը: Գէորգ Թամանեան աւարտած է հօրը կիսատ ձգած ծրագիրները` Երեւանի կառավարչատունը, օփերայի շէնքը եւ այլն: Եուրի Թամանեան Շմաւոն Ազատեանի հետ հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը` Օձունի տաճարին մասին: Ներկայիս յուշարձաններու նորոգութեամբ կը զբաղի:
Երգահան Արմէն Տիգրանեանի զաւակներէն մէկուն` Էտմոնտի նախագիծով շինուած է Երեւանի կայարանին շէնքը:
Միւս զաւակը` Վարդան, ծանօթ երգահան է: Յօրինած է «Մեծ հարսանիք», «Աղբիւրի մօտ» օփերեթները եւ «Սօս եւ Վարդիթեր» օփերան:
Մանուկ Աբեղեանի տղան` Մհեր, կ՛ապրի Երեւան եւ անուն հանած նկարիչ է:
Ճարտարապետ Թ. Թորամանեան ունեցած է երկու զաւակ: Գառնիկ Թորամանեան ճարտարապետ է, իսկ Նազիկ Թորամանեան կ՛աշխատի Երեւանի պատմութեան թանգարանը: Պատրաստած է իր հօրը նամականին, որ լոյս պիտի տեսնէ այս տարի:
Ղազարոս Աղայեանի տղան` Մուշեղ Աղայեան, ծանօթ երաժշտագէտ է եւ կ՛ապրի Երեւան: Աղջիկը կինն է նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի, որուն տղան` Ղազարոս, երգահան է եւ դասախօս Երեւանի երաժշտանոցին:
Ստեփանոս Մալխասեանի թոռն է Րաֆֆի Պետրոսեան, ծանօթ դաշնակահար, որ կ՛ապրի Փարիզ:
Արամ Խաչատրեանի աւագ եղբայրը` Սուրէն, բեմադիր է: Երգահանին միւս եղբայրը` Լեւոն, երգիչ է:
Նկարիչ Գէորգ Բաշինջազեանի տղան` Զաքար, կ՛ապրի Երեւան: Փրոֆեսէօր է եւ պետական համալսարանի քաղաքատնտեսութեան ամպիոնի վարիչ:

