Վան Փերսի Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Արսենալ
Ըստ անգլիական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթին, Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի շատ հաւանաբար լքէ իր ակումբը եւ վերադառնայ իր նախկին խումբին` Արսենալի:
Կը նշուի, որ հոլանտացին լարուած յարաբերութիւններ ունի խումբին այժմու մարզիչին` Տէյվիտ Մոյեսի հետ:
Նախկին մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի մեկնումը եւ այս նոր քաղաքին` Մանչեսթըրին չկարենալ վարժուիլը պատճառ դարձան, որ Փերսի նախընտրէ վերադառնալ Լոնտոն, կը յայտնէ օրաթերթը:
Կը կարծուի, որ անոր փոխանցումը արժէ 15 միլիոն սթերլինկ, լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

