Գագիկ Սարգսեան. «Սոչիի Մէջ Մեր Մարզիկներէն Կ՛ակնկալենք Լաւագոյն Արդիւնքը»
Ինչպէս ծանօթ է, 22-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը այս տարի տեղի պիտի ունենան Սոչիի մէջ (Ռուսիա):
Հայաստան այս խաղերուն պիտի մասնակցի չորս մարզիկներով, որոնք բոլորն ալ ելոյթ պիտի ունենան դահուկարշաւի մրցումներուն: Անոնք են` Սերկէյ Միքայէլեան, Արթուր Եղոյեան, Քաթիա Գալստեան եւ Արման Սերեպրաքեան:
Հայ մարզիկներուն նախապատրաստական շրջանին, անոնցմէ ակնկալիքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան ArmSport.am-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ «մեր մարզիկներէն կ՛ակնկալենք լաւագոյն արդիւնքը եւ կը յուսանք, որ անոնք իրենց արհեստավարժ ասպարէզին լաւագոյն ելոյթները ունենան Սոչիի մէջ»:
CATEGORIES Մարզական

