Շիրակ Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ
Երէկ` կիրակի, 2 փետրուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Շիրակ Երեւան մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր 8 փետրուարին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ:
Այս առնչութեամբ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը նշեց, որ խումբին հետ մեկնեցաւ նաեւ կայքի գլխաւոր խմբագիր Արթուր Նազարեան, որ յառաջիկայ օրերուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Քալիֆորնիայէն:
Նշենք, որ մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի հայկական «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանէն:
CATEGORIES Մարզական

