Լուիս Արակոնես Մահացաւ

aragonesՇաբաթ, 1 փետրուար 2014-ին, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լուիս Արակոնես: Ան 76 տարեկան էր:

Ֆութպոլի ճանչցուած մասնագէտը իր 40 տարուան մարզիչի արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին աշխատակցած է տարբեր ակումբներու եւ ազգային խումբերու հետ:

Անոր ամէնէն մեծ նուաճումը եղած է այն, որ Եուրօ-2008-ին ան Սպանիոյ հետ տիրացած է մրցաշարքի տիտղոսին:

Ինչ կը վերաբերի ակումբներու հետ անոր ստանձնած պաշտօնին, ան Պարսելոնայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի նման անուանի խումբերուն մարզիչը եղած է:

Նշենք, որ ան 2013-ին յայտարարած էր, որ կը լքէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

 

Share this Article
CATEGORIES