Ասմունքի Յիշարժան Երեկոյ Մը. Պարոյր Սեւակի Հետ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 90-ամեակը անգամ մը եւս յիշեցուց յարգելու յիշատակը անմոռանալի բանաստեղծին:
«Ծաղիկ» ամսագրի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ, 29 յունուար 2014-ի երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Սարգիս Սարգիսեանի: Հանդիսութեան ներկայ եղան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Յարութիւն քհնյ. Կոստանեան, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հոգեւորականներ եւ մշակութասէր հայորդիներ:
Ասմունքի վարպետութեան տիրացած Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ծանօթ է լիբանանահայ գաղութի արուեստասէրներուն: Ան յաճախ ներկայացած է մեր բեմերէն ասմունքի յայտագիրով` նուիրուած հայ արժանաւոր բանաստեղծներու: Իր ծրագրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Յ. Շիրազի եւ այլ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները: Ոչ միայն առանձին կատարողութեամբ բեմ բարձրացած է ան, այլ յաճախ մասնակցութիւն բերած է մեր գաղութին մէջ կազմակերպուած ազգային թէ մշակութային-գեղարուեստական հանդիսութիւններու: Ան չէ մոռցուած նաեւ սփիւռքի միւս գաղութներէն, պարբերաբար հրաւիրուած է այլ գաղութներ` հայ բանաստեղծութեան ոգեշունչ արուեստը ծանօթացնելով:
Ասմունքի կամ արտասանութեան արուեստը լիբանանահայ գաղութին մէջ ունեցած է ուսանելի աւանդութիւն, մեր շնորհալի եւ տաղանդաւոր ասմունքողներու իրագործումներով: Եթէ անուններ յիշենք, կ՛ունենանք յիշատակելի տասնեակ մը ներկայացուցիչներ, որոնք ընդգրկած էին այս արուեստը` ներշնչելով ունկնդիրներուն հայոց լեզուին եւ քերթողութեան հմայքը: Այսօր չկան անցեալի այդ նուիրեալները: Գրականութիւնը եւ մասնաւորաբար բանաստեղծութիւնը սահմանափակ թիւով ընթերցողներու սիրտերը կը թովեն: Մեր վարժարաններէն պարբերաբար կը լսուին նորածիլ անուններ, շնորհալի արտասանողներ, բայց կը թուի, թէ քաջալերանքը կը բացակայի, շարունակութիւնը կը կտրուի: Ներկայիս ունինք քանի մը ասմունքող, որոնք կը խանդավառեն մեր ազգային թէ հաւաքական ձեռնարկներուն հանդիսականները: Գնահատանքի արժանի են անոնք, բայց փափաքելի է կազմակերպումը ասմունքի, արտասանական մրցումներու` մեր վարժարաններուն եւ մշակութային միութիւններու կողմէ:
Կ՛ակնկալնեք, որ մեր գաղութին մէջ շարունակուի ասմունքի արուեստը, հրապարակի վրայ եղողները չբացակային մեր բեմերէն, որպէսզի հայ գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը ծաղկուն մնան:
Այսօր, երբ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան կը շարունակէ իր որդեգրած ասպարէզը, ուրախութեամբ, հաճոյքով ներկայ կը գտնուինք իր ասմունքը ունկնդրելու: Չորեքշաբթի, 29 յունուար 2014-ին իր ներկայացուցած ասմունքը տեւեց մէկուկէս ժամ: Պարոյր Սեւակ փառաւորուեցաւ անգամ մը եւս, անոր հոգին հրճուեցաւ անկասկած, երբ զգաց, թէ իր «յիշատակը չէ թառամած»:
Անի Եփրեմեան երկու մասով ներկայացուց Պարոյր Սեւակի քերթողութենէն ընտրուած փունջ մը: Առաջին մասով արտասանեց «Բարեւ»-ը, սիրոյ թեմաներով այլ քերթուածներ, շեշտելով նոյն ատեն մարդկային այն բոլոր թերութիւնները, որոնք Պարոյր Սեւակի հոգեմտաւոր աշխարհը տագնապեցուցած են խարդախ ընկերութեան մը հովանիին ներքեւ:
Սիրել` ատելով, աթոռամոլութիւն, եւ նման թերութիւններ: Սեւակի «Մօր ձեռքերը» յաւէտ յիշատակելի բանաստեղծութիւնը կը մնայ: Անի Եփրեմեան ունի բեմին եւ հանդիսականին միջեւ հաղորդականութիւն ստեղծելու շնորհքը, որով կ՛արժանանայ ներկայ հանդիսատեսներու ջերմ գնահատանքին ծափահարութիւններուն:
Երաժշտութիւնը կ՛ընկերանար հաճոյալուր:
Յայտագրի առաջին մասի ընդմիջումին ջութակով երկու եղանակ ներկայացուց շնորհալի երիտասարդ ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեան` մեկնաբանելով Կոմիտաս վարդապետի «Ծիրանի ծառ»-ը եւ «Կռունկ»-ը:
Երկրորդ մասով Անի ներկայացուց Պ. Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն երկու բաժին. առաջին մասը յատկացուած էր փոքրիկն Սողոմոնի Էջմիածնի սան ըլլալու տխուր պատմութեան, երկրորդ մասով Կոմիտաս վարդապետին եղեռնական վախճանին, որով կը ներկայացուէր օսմանեան թուրք պետութեան սուլթան Համիտի ջարդերը, Ցեղասպանութեան անլռելի վկայութիւնը: Խաժակ Խաչատուրեան դարձեալ նուագեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն` արժանանալով ներկաներուն ծափերուն:
Անի Եփրեմեան տաղանդաւոր ասմունքող է, որուն առաջին արժանիքը անսխալ արտասանելն է, առանց շուարելու: Անգիր ընել ամբողջ գիրք մը ընդգրկող գրականութիւն, ինքնին շնորհք մըն է` քիչերուն տրուած: Ան օժտեալ մըն է դերասանական արտայայտչութեամբ, մեկնաբանութիւնը քերթուածին` տպաւորիչ: Մէջ ընդ մէջ միջամտող երաժշտութիւնը յաւելեալ ոգեւորութիւն փոխանցեց, ինչպէս` «Սարդարապատ» երգը Սեւակին բառերով:
Հանդիսութեան աւարտին «Ծաղիկ»-ի խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան Անի Եփրեմեանին յանձնեց յուշանուէր մը: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Սարգիս Սարգիսեանին, որոնք յաճախ իրենց նուիրատուութեամբ կը մասնակցին ազգային կեանքին մէջ մշակութային նախաձեռնութիւններու բարելաւման:
Անին ապա բեմ հրաւիրեց Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր սրտին խօսքը եւ «Պահպանիչ»-ով օրհնէ ներկաները:
Սեպուհ սրբազան յայտնեց, թէ` «նման ձեռնարկներ ինքնանպատակ չեն, ունին նպատակ, սիրելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու մեր գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը: Գնահատելի է Անի Սարֆեան-Եփրեմեանին այս գործունէութիւնը: Ես զինք հրաւիրեցի Թեհրան, ուր աւելի քան 3000 հանդիսականներու ներկայութեան ասմունք ներկայացուց` արժանանալով իրանահայերու ջերմ գնահատանքին»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սեպուհ սրբազանին «Պահպանիչ»-ով:

