2014-ի Յունուար 1-էն Ի Վեր Սուրիոյ Մէջ 9 Ազրպէյճանցի Զինեալներ Սպաննուած Են Սպաննուածներու Շարքին Է 14-ամեայ Զինեալ Մը

Ազրպէյճանցի 14-ամեայ զինեալ Նաճաֆ Քերիմով
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ 11 յունուարին հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ազրպէյճանցի զինեալ մը: Յայտնի է միայն վերջինիս անունը` Սամիր Քախլը: Զինեալը իրականութեան մէջ մահացած է նոյեմբերին կամ ալ այդ ժամանակ արդէն յայտնի դարձած է, որ մահացած է: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները փաստօրէն աւելի քան մէկ ամիս ուշացումով կը հաղորդեն լուրը:»
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ յունուարի սկիզբը յայտարարեցին, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու շարքին կռուող ազրպէյճանցի զինեալ Ռաուֆ Հալիլով, որ 2013-էն ի վեր Սուրիա կը գտնուէր, սպաննուած է: Համացանցի վրայ տարածուած է իր ընտանիքին ուղղուած զինեալի կոչին տեսագրութիւնը:
Յունուար 13-ին ազրպէյճանական կայքերու փոխանցմամբ, Սուրիոյ մէջ սպաննուած է Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն խմբաւորման անդամ, զինեալ ազրպէյճանցի Ազատը, որ ծանօթ է Ապտուրահման անունով:

Ապու Զար Ազերի ծածկանունով ազրպէյճանցի զինեալը
Յունուար 16-ին յայտնի դարձած է, որ Սուրիոյ Համա նահանգին մէջ կառավարական ուժերու դէմ ընթացող մարտերու ժամանակ սպաննուած է Ապու Զար Ազերի ծածկանունով ազրպէյճանցի զինէալ մը:
Ազրպէյճանական Այ. Փի Այ. լրատուական գործակալութիւնը, յղում կատարելով Սուրիոյ մուժահիտական կայքերէն, հրապարակեց լուր մը, որ կռիւներու ընթացքին սպաննուած է ազրպէյճանցի 14-ամեայ զինջեալ Նաճաֆ Քերիմովը: Սուրիական կառավարական զօրքերուն դէմ կը կռուի նաեւ Քերիմովի հայրը: Ըստ Այ. Փի. Այ.ի, Քերիմովի ընտանիքը ծագումով Նախիջեւանի Շարուրի շրջանէն է: Քերիմովի հայրը իր կնոջ եւ 4 զաւակներուն հետ 2013-ի Սուրիա հաստատուած է միանալու համար արմատական իսլամական ընդդիմութեան:
Հետեւելով ազրպէյճանական մամուլին` 2014-ի յունուար 1-էն մինչեւ օրս Ազրպէյճան Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է առնուազն 9 զինեալ:

